Յիսնամեակ
«Սեր» ժողովածու
Կը մօտենայ յիսունն ալ, հսկայաքայլ՝ առջևէն
Ձգած իր շուքը տգեղ, ծաղրանկա՛րը անոր,
Զոր իմ յոյսիս և յուշիս պատերը դեռ կը պահեն
Բանտարկըուած իրենց մէջ, ծնած, չիշխա՜ծ թագաւոր…։
Յիսունն ահա՝ ահագին ծառի մը պէս կը կանգնի
Ու կը գոցէ ա՛լ ամբողջ իմ հորիզոնս իր ետև…
Բունն է փորուած, պարպուած. կը բնակի հոն գաղտնի
Թռչուն մը, որ արծուի աչք և չղջիկի ունի թև…։
Յիսունն հիմայ՝ լուսարար։ Պատարագէն վերջ՝ ի՜նչ փոյթ,
Թէ կը մընան ժամուն մէջ քանի մը կին ու տղայ.
Ան՝ լռաքայլ՝ մի առ մի մարել ջահերը կուգայ…
Բացի մէկէն, լուսարա՛ր թող զայն՝ ի սէր արևուդ.
Ժամերգութիւնն իրիկուան ի՞նչպէս ընել, ա՛հ, թո՛ղ զայն.
Ի՞նչպէս առանց այդ լոյսին մտնել բաւիղը մահուան…։