Զաւակս
«Սեր» ժողովածու
Բայց դուն, անհուն զաւկի սէր, ինչպէ՞ս իմ մէջըս ինկար,
Անապատին մէջ ինկած ազնիւ հունտի մը նման,
Որ կռծեցաւ ծլելուն սպասելով ընդ երկար,
Իր յոյզն իզուր ուղղելով երկրի յոյզին միութեան։
Մանկութենէս, կը յիշեմ, նախքան ուրիշ ամէն սէր,
Քան ծնողքի, քան քրոջ, ես կզգայի՝ իբրև հայր,
Զաւկիս համար ապագայ, զաւկիս համար, որ մէջս էր՝
Սէր, որ ինձմէ դէպի ինձ կ՚ընէր շրջան մը անծայր։
Կը տեսնէի զայն այնպէս, ինչպէս եղբայր մը պզտիկ,
Կը տեսնէի զայն հոգի, կը տեսնէի զայն մարմին
Եվ մերթ՝ իջած զայն կարծես վրան տղու մը դէմքին։
Ա՛հ, իմ տղա՛ս, որ կ՚ապրէր ատեն1 մ՚այնքան ինձ մօտիկ,
Հիմայ մեկնե՜ր է իսպառ, ու ամպերուն մէջ երբեմն,
Անցնող ճերմակ ամպերուն, ես զինքը դեռ կը գտնեմ…։
Ծանոթագրություններ
- 1 Ատեն, ատենոք — ժամանակ, ժամանակով
Թեմաներ