Գաղափարաց գետինը
«Սեր» ժողովածու
Ինչպէս նաւու մը վրայ փոթորիկի միջոցին՝
Ես ոտքս ամուր կը կոխեմ, բայց կը սահիմ, կը նետուիմ
Մէկ կողմէն միւսը, աւա՜ղ, գաղափարաց գետինին
Եվ կը խորհիմ, թէ կեանքին վերև ան շա՜տ է ճղճիմ։
Չպառկելու համար դեռ — ինչպէս նաւու մը վրայ
Փոթորիկի միջոցին — կը չափչփեմ շարունակ
Գաղափարաց գետինին լայնքն ու երկայնքը հիմայ,
Մինչ ան անվերջ կը ծըռի ու կը փախչի քայլիս տակ։
Եվ միշտ, ինչպէս աջ ու ձախ, և վեր ու վար տատանող
Կամրջակի մը վրայ՝ հորիզոնները մտքիս
Մերթ գլխէս վեր կը ցցուին, մերթ կ՚անհետի՜ն մթասքող։
Գետինն այսքան անհաստատ՝ երբեմն անշուշտ կ՚ընկճէ՛ զիս.
Բայց կը սփոփուիմ խորհելով… թէ մէկ օրուան թէ մէ՛կ անձ՝
Ես դարերո՜ւ, շատերո՜ւ կապրիմ խորհուրդը մէկանց…։
Թեմաներ