Քառասնամեակ
«Սեր» ժողովածու
Ա
Քառասունին՝ կ՚ըսենք ա՛լ. — Կը հեռանաս մենէ1, կեա՛նք.
Զգալապէս՝ երեկէն աւելի մութ է այսօր.
Մինչև երեկ լեռն ի վեր ելած էինք, արդ կ՚իջնանք,
Կ՚իջնայ մեզ հետ ապագա՜ն ալ յոյսերուն հետ բոլոր…։
Կը կարծէինք, դեռ երեկ, ըլլալ սկիզբը ճամբուն.
Այսօր յանկարծ կը խորհինք, թէ կէսն անցած ենք արդէն,
Լաւագոյն կէսը անշուշտ, և դանդաչուն2, մոլորուն՝
Պիտի երթանք ա՛լ յաւէտ հալածուելով այս ցաւէն…։
Ցա՛ւը՝ ամբողջ անցեալի, գեղեցկութեանց, ճոխութեանց,
Երբ կրնայինք՝ չկրցա՜նք լընուլ3 մեր կեանքն անոնցմով,
Հա՛ց մեր այժմու նոթութեան, թշուառութեան դիմաց գա՛նձ։
Քառասունին՝ կը կենանք փլատակաց դեզին քով.
Նոր պալատնե՜ր կ՚երազենք, որքա՜ն շքեղ աւելի.
Բայց մեզ ոչ ոք չի հաւտար ու չենք հաւտա՜ր մենք մեզի…։
Բ
Քառասունին, բայց կ՛զգանք երեկուընէ աւելի
Թէ քաղցր պահը իր մէջ մեծ քաղցրութիւն մը ունի.
Լոյսի մը դէմ չենք կենար այլևս երկար, տեսլահար,
Այլ վերլուծել կը ջանանք իր երանգներն անհամար։
Քառասունին՝ երեկի յոգնութենէն այս առտու
Երբ կը գտնենք մեզ յանգչած ու դեռ պատրաստ քալելու,
Հպարտութիւն մը յանկարծ կը կրկնէ ուժը մերին
Եվ կը կարծենք, թէ երբեք վերջ չունենա՜ր այս ուղին։
Քառասունին՝ յափափուած հաճոյքներուն տեղ բոլոր,
Կը վայելենք հեշտանքներ աւելի խոր, միմիայն
Մէկ բաժակի ումպ առ ումպ ըմբոշխնումին մէջ երկայն։
Եվ այն օրերն՝ ուր ոչինչ մեզ կը ջամբէ4 կեանքը չոր,
Ո՛չ իսկ կաթիլ մը գորով, ո՛չ յոյս և ո՛չ իսկ պատրանք,
Իմաստութեան մրուրով մենք քիչ մը դեռ կ՚արբենանք…։
Գ
Բայց ի՜նչ արագ, ի՜նչ արագ՝ քառասունէն վերջ հիմայ
Կը թաւալին տարիներն՝ իրենց կառքին մեզ կապած,
Մեզ զարնելով քարէ քար, մինչև որ մահն ողորմած
Ճամբան կանգնի ու փոկին սուրի հարուածը իր տայ։
Այսքա՜ն արագ՝ կառքն, անշուշտ, կը գլորի՜ լեռն ի վար,
Այսքա՜ն արագ՝ կը քաշէ, անշուշտ, զայն ձոր մը խորունկ,
Եվ փոսին մէջ, ուր կ՚աճին տժգունատիպ մեծ ծաղկունք,
Մեզ կը սպասէ՜, կը խորհինք, քընի հանգիստը երկար։
Քառասունէն վերջ՝ այսօր, մերթ կը սոսկանք այդ քընէն,
Եվ մերթ անոր կը ցանկանք մեր յոգնութեամբն աւելցող՝
Փափագելով յարդարել մեր անկողինը արդէն։
Քառասունէն վերջ՝ ո՛վ Տէր, կ՚ապաւինենք փոխնիփոխ
Ձմեռելու դեռ յոյսին և յոյսին շուտ մեռնելու,
Ընդ մէջ հոգւոյն և մարմնոյն բախումներուն ահարկու…։
Ծանոթագրություններ
- 1 Մենէ — մեզանից
- 2 Դանդաչուն — դողդողուն, կամաց - կամաց քայլող
- 3 Լընուլ — լցնել
- 4 Ջամբել — կերակրել