Եգիպտուհի
«Սեր» ժողովածու
Իմ թուխ հրեշտա՛կըս աղուոր, իմ սպիտակ, լուսափայլ
Հրեշտակներէս վերջ այնքան… զերթ ջահ մը սև հասպիսէ
Դուն կը շողաս և լոյսիդ մէջ կը մնամ հոգեզմայլ՝
Գիշերագնաց զերթ ճամբորդ, որ շուրջն յանկարծ կը տեսնէ…
Այդքա՜ն անուշ ջերմութիւն նայուածքիդ մէջ ու ժպտիդ,
Ու հասակիդ մէջ այդքա՜ն լեցուն, ճկուն ճոխութիւն,
Մորթիդ խաւար բուրումին, ձայնիդ շեշտին հետ վճիտ՝
Զիս կը խեղդեն հեշտութեան աւազներու տակ ծփուն…
Շաքարեղեգ մը, ինչպէս գետեզերքէն կտրուած,
Քեզ կը տանիմ՝ դալարած, դաշնաւորուա՜ծ ալ քեզմով,
Քեզ՝ քաղցր անոր պէս ետքէն, անոր պէս կա՛րծըր ու զով…։
Եվ կը խորհիմ. — թերևս հին աստուածուհի ու աստուած՝
Ճապուկ1 եղնիկ մը ճերմակ, սևուլիկ ցուլ մը ուժեղ,
Միացած են ու եղած նախածնողքըդ այստեղ.
Զի կենդանւոյ մը պէս սուրբ քեզ կը պաշտե՜մ երկիւղած…
Ծանոթագրություններ
- 1 Ճապուկ — ճկուն, դիւրաթեք
Թեմաներ