Երբ կ՛խորհիմ
«Սեր» ժողովածու
Երբ կը խորհիմ, թէ ականջներս օր մը պիտի չլըսեն ա՛լ.
Ա՛լ չշարժին, ա՛լ չբռնեն պիտի մատներս. բազկերակի
Սա կապոյտ թելս՝ օր մը չըլլայ պիտի այսպէս առաձգեալ,
Լեցուն, տրոփուն, այլ փսորած1 որդի մը պէս պիտի թափի,
Երբ կը խորհիմ, թէ ո՛չ մէկ սէր, ո՛չ մէկ տենչանք մարմինիս մէջ
Չխլըրտի պիտի այլև. թէ ոսկրատուփը ձեռքիս տակ,
Որ գլուխս է, որ ես եմ, ե՛ս ամբողջովին՝ գալիք անվերջ
Դարերուն մէջ, պիտի մնայ հողով լեցուն, ինձմէ դատարկ,
Սոսկում մը նախ զիս կը պատէ ու կը կարծեմ թէ կ՚իյնամ վար,
Ծնած օրէս մինչև այսօր ինկա՜ծ եմ միշտ ու դեռ կ՚իյնամ
Վիհի մը մէջ, որուն յատակն ոչնչութիւն է ու խաւար։
Յետոյ, սակայն, կը խաղաղիմ, կը զգամ նոյնիսկ յոյս մը տարտամ,
Իյնալու տեղ կ՚ելլե՜մ թերևս, ու իր բեռնէն ազատ հոգիս՝
Գրկէդ մեկնած, թերևս, ո՛վ Տէր, պիտի գրկիդ մէջ ընդունիս…։
Ծանոթագրություններ
- 1 Փսոր, փսորել — փշուր, ջարդուել, փշրուել
Թեմաներ