Ծառի ծաղիկներ
«Սեր» ժողովածու
Ծառի փափուկ ծաղիկնե՛ր, ես աւելի փափկօրէն
Սիրած եմ ձեզ, սկսեալ մանկութեանս հին օրերէն,
Քան ձեր քոյրերը գետնի՝ ածուներու մէջ ծաղկող,
Թաղարներու մէջ բացուած, շարուած կարգով, տող առ տող,
Որոնցմէ փունջ կը կազմեն, որոնց բոյրով կ՚արբենան…
Կը յիշեմ, ո՛վ բարեկամ, ձեր պարտէզին, որ մեր տան
Կը վերջանար ճիշտ դիմաց, նշենիները երեք,
Բարձըր պատին յետևէն — որ մերթ կ՚իյնար յոգնաբեկ,
Ծանրութենէն թաց հողին, որուն ինքն էր ամբարտակ —
Փետրուարի վերջն արդէն, անոնցմէ մին սպիտակ
Եվ միւս երկուքը կարմիր, ծիրանագոյն աչուկներ՝
Չոր ոստերուն երեսէն կը բանային անհամբեր…
Այնուհետև ինչպէս շուտ կ՚աւելնային ծաղիկներն
Ու երկնքի լուսափայլ նուրբ կապոյտին մէջ՝ հոն վե՛րն,
Կը մխային այդ ծառերն՝ երեք ծաղկած նշենի,
Մէկը ճերմակ ծուխի պէս և միւս երկուքը՝ բոցի։
Ծառի թեթև ծաղիկնե՛ր՝ սալորենւո՜յ, նշենւոյ,
Նման էիք դուք սիրոյս ծաղիկներուն, որ յանկարծ
Կը բացուէին երազի երկնքին մէջ ու յետոյ
Կը թափէին մի առ մի, վերէն՝ գետնին վրայ ցած…։