Անոնք
«Սեր» ժողովածու
Մէկո՛ւն հոգին տեսայ ես
Ու սիրեցի՝ ձևերէն
Ու քայլերէն՝ որ կ՚ելլեն,
Կարծես միշտ վե՜ր աշխարհէս…։
Մէկն իր ձայնին նուագով
Զիս քնացուց, արթնցուց,
Ձա՛յն ջուրերու հինաւուրց,
Հեզամրմունջ, թարմ ու զով…
Յետոյ մազերը մէկուն
Խենթեցուցին պահ մը զիս՝
Բռնած իրենց մէջ հոգիս…
Բայց ուրիշի մը ժպտուն
Աչքերն այնքան քաղցր էին՝
Որ հիւա՜նդ եմ տակաւին1…։
Ծանոթագրություններ
- 1 Տակաւ — դեռևս, արդէն, կամաց - կամաց
Թեմաներ