Դուն հեռաւոր մանկութիւն
«Սեր» ժողովածու
Ահ, եթէ դուն չճանչնաս՝ ալ ո՞վ կրնայ ճանչնալ զիս,
Դո՛ւն, հեռաւոր մանկութիւն՝ որմէ եկայ համրաբար
Եվ որ հիմայ անցեալին վրայ պառկած կ՚երևիս՝
Երազափայլ ու գացած կարծես աշխարհ մը օտար։
Բայց կ՚արթըննաս դուն երբեմն ու զիս երկար կը դիտես՝
Մինչ գրկաբաց կը սպասեմ քեզի յուզմամբ, անձկութեամբ.
Աչքերըս խունկ են ամբողջ ու կը մխան գորովէս.
Կը ցոլանայ աչքիս մէջ աչքիդ երկինքը անամպ։
Բայց կը թուի, թէ վախցար ու հոգւոյս մէջ վերստին
Խորշէ ի խորշ կը փախիս ու պահուըտիլ կ՚երթաս դուն՝
Զիս ձգելով աւելի հիմայ տրտում ու նկուն։
Կը հասկնա՜մ, չես ճանչնար դուն այս յոգնած ծերունին,
Զոր պահ մը հայրդ յուսացիր և որ եղբայրդ է միայն,
Քեզմէ հեռու չարաչար մեծցած եղբա՛յրդ անարժան…։
Թեմաներ