Աղօթք հիւանդ Տդու մը համար
«Սեր» ժողովածու
Հիւանդ, հիւա՜նդ է տղաս… Այս մըտածումն, ամէն հեղ,
Զիս կը նետէ երկընքի դէմ զայրոյթով մը ուժգին,
Մինչ երկվայրկեան մը յետոյ՝ իմ անկումիս մէջ ահեղ
Ես կը մնամ շնչասպառ, սեղմած իմ վէրքը վէրքին։
Տղաս հիւա՜նդ…։ Տէ՛ր, ներէ՛։ Միայն աղօթք, աղաչանք,
Արտասուախառն, հոգեբուխ աղօթք ունիմ քու առջիդ,
Միայն աղօթք, ո՛չ բողոք, որ շնորհես իրեն կեանք,
Որ առնէ կեանքն ալ իրմէ շնորհ ու փայլ ու ժպիտ։
Իրաւ է, թէ իղձը մեր ու կամքը քուկդ է, Աստուա՛ծ,
Դուն չես գործեր մեր մտքով, սակայն ներէ՜, օ՜հ, ներէ՛,
Որ յիշեցնեմ, թէ որքա՛ն անցնելով մեծ մութերէ
Եկած հասած էր այստեղ, արևին տակ էր ելած,
Թէ իր հոգին ու իր միտքն ի՜նչպէս ճոխ են ու փարթամ
Եվ թէ ի՜նչպէս հեռուէն ես իր վրայ կը դողամ…։