Հրաժեշտ
(Ա)
«Սեր» ժողովածու · «Բեթհովենի սոնատի վրայ»
Մնա՜ս բարով…։ Բայց դեռ ոչ. պիտի ըսեմ քիչ յետոյ
Մնաս բարով, ու միջոցն ահագնամեծ հաստատուի,
Բացուի՜ պիտի մեր միջև և սկսուի պիտի, օ՜հ,
Նոր ժամանակ մը հոսիլ՝ ամայութեան, կորուստի՜…։
Մնա՜ս բարով…։ Կը կանգնի բառը եզերքն անհունին,
Հսկայ բրի՛չ, ու կ՚իյնան աշտարակներ, պալատներ,
Կ՚իյնայ պարտէզ մը կախեալ ու կամուրջներ կը փըլին
Եվ սև փոշի մը յանկարծ կ՚ընէ ամէն բան ստուեր…։
Կը դառնամ ետ անգամ մ՚ալ՝ հրելով ետ ապագան,
Տուած կռնակս անոր, ու անցեալին կուրծքըս բաց…
Անցեալն ամբողջ՝ հոգիիս մէջ կը լեցուի փըսորած…։
Մնա՜ս բարով…։ Շրթունքէս բառը փըրթաւ՝ վերջնական,
Ու ներկայէն ես փրթայ ու կը վազեմ խելահեղ,
Մինչ կը վազէ ինձմէ շուտ ճակատագի՛րըս այնտեղ…։
Թեմաներ