Գիրքեր
«Սեր» ժողովածու
Գիրքերու մէջ կան ի՜նչ վեհ զգացումներ, խորհուրդներ…
Ինչ որ ունի լաւագոյն՝
Մարդը խլեր է իրմէ, ծալեր, ի պահ է դրեր
Կողքերու տակ գոյնըզգոյն։
Եվ հըպարտ է անոնցմով…։ Օր մը, երբ որ Հրատէն
Այցելուներ գան Երկիր՝
Իր գիրքերուն մէջ պէտք է մարդը գտնեն ու դատեն,
Մարդը՝ վսե՜մ գրագիր…։
Աստուածը ինքն է գըտած, գտած՝ գիրքի մէջ գամած.
Երբ Անոր պէտք ունենայ
Ընդդէմ մէկուն կամ միւսին, — իր բանտերէն մթամած
Կ՚երթայ հանել զԱնիկա…։
«Մի ըսպաննէր — ի՛նք ըսած է Աստուծոյ, որ ըսէ —
Քանզի ամենքդ էք եղբայր…»
Եվ զինուորին ի՛նք կանգնած է մարմարէ, պղինձէ
Յուշարձաններ անհամար…։
Բայց գիրքն ուրիշ, կեանքն ուրիշ. գիրքը տղոց, ծերերուն,
Խենթերո՜ւն պէտք է միայն,
Տկարներո՛ւն՝ վերջապէս. մարդը ուժեղ ու բեղուն
Չի՛ գրեր, չի՛ կարդար զայն.
Զօրաւոր մարդը կ՚ապրի՜ մոռցած գիրքերը բոլոր
Եվ գիրքերուն հակառակ,
Կը ստեղծէ նոր ճամբաներ՝ հոգ չէ թէ ծուռ ու մոլոր…
Միայն Աստուած է շիտակ…
Արդարութի՛ւն, բարութի՛ւն, մարդը ձեզ լաւ կը ճանչնայ՝
Ինչպէս աստղերն երկընքին.
Ձեզ կը ճանչնայ հեռուէ՜ն, կը հիանայ ձեր վրայ,
Ձեզ կը քննէ վերըստին։
Եվ Ձեր շքեղ պատկերին կը յաւելու միշտ նոր գիծ,
Միշտ նոր գոյն մը հմայիչ…
Տկարին ձեռք կուտան հոն՝ մինչ կեանքի մէջ կուտան կից.
Կեանքը տարբե՜ր է… մի քիչ։