Հուր ստեղծիչ
«Սեր» ժողովածու
Անուն չունի, հունտն ինչի է, չեմ գիտեր,
Բայց կը շարժի, բայց կ՚աշխատի մութին մէջ.
Հողն անոր շուրջ կը զգայ հպարտ սարսուռներ.
Ինկե՜ր է սաղմն իր մէջ կեանքի մը անվերջ։
Սկզբնական, ստեղծագործ խորհուրդին
Ան մտքիս մէջ նետուած չնչին մէկ հիւլէն,
Ան բորբոքած, բոցատարած մէկ փոշին,
Որ հունաւորն եկաւ վառել անհունէն։
… Ո՜վ հոծութիւնն ու խորութիւնը կեանքի,
Զոր իմ մտքիս հիմայ բառերն այս կուտան
Եվ բառերուն՝ կուտայ Հոգին բնութեան։
Կը ճանչընամ զինք… և այժմ ինձի կը թըուի,
Որ տիեզերքն ամէն առտու, ամէն ժամ
Վերըստեղծող Մտքի՛ն ես մաս կը դառնամ…։