Յիմարի պէս
«Սեր» ժողովածու
Ահաւասիկ, որ կը խորհիմ յիմարի՜ պէս,
Մեղսակցութեամբն այս գիշերին կախարդական,
Թէ դուն կրնաս, թէ դուն թերե՜ւս պիտի ուզես
Ինձի իջնել՝ ինչպէս հորին մէջ լուսընկան։
Աչքըդ աչքիս մէջ բարութեամբ պիտի լընուս,
Պիտի թողո՜ւս ձեռքըդ ձեռքիս, ծունկըդ ծունկիս,
Պիտի գիտնա՜ս թոռմիլն ամէն իմ իղձերուս
Եվ անոնց վրայ դուն իբրև ցող պիտի սահի՜ս։
Ի՜նչ խենթ երազ, ի՜նչքան անգամ սուսերահար
Չոր նայուածքէ ու չոր շարժումէ, շեշտէ հատու,
Մի՜շտ վերածնող, դատապարտուած մի՜շտ մեռնելու։
Թոյլ տո՛ւր սակայն, որ ան մեծնայ քեզ ալ համար,
Հասակէդ՝ հասկ, գեղեցկութիւն առնէ գեղէդ
Եվ պատկերիդ շքեղութեա՜մբը մեռնի գեթ…։