Երեկ գիշեր
«Սեր» ժողովածու
Երեկ գիշեր — չեմ գիտէր երե՞կ էր ան, թէ երազ —
Սիրոյ մօտէն ես անցայ, եղայ ա՛յնքան մօտ, ա՛յնքան՝
Որ, ա՛հ, դըպա՜յ իսկ անոր ու ան փախաւ հազիւ հազ
Եվ դեռ մատներըս կարծես գլխու պտոյտ կ՚ունենան…։
Երեկ գիշեր՝ անսահման ուրախության ի հաշիւ
Ես ժողուեցի իրական, անմահակա՜ն փշրանքներ,
Որոնց վրայ մտածումս, զգայարանքըս հեշտի՜ւ
Կը մնան այժըմ առկախ՝ ջահերու պէս տարուբեր…։
Երեկ գիշեր երջանի՜կ եղայ միայն այդքանով,
Երազն ու կեանքը մութին մէջտեղ եկան քովէ քով,
Կեանքս երազո՜վ յորդեցաւ, ինչպէս երազս ալ կեանքով…։
Եվ այսօր բեռ մը կարծես հոգիիս մէջ կը տանիմ,
Հոգիիս մէջ ու մարմնո՛յս՝ բեռ մը գաղտնի, մտերիմ,
Որուն տակ մերթ կը հևամ և մերթ անո՜վ կը թըռիմ…։
Թեմաներ