Մանկութեան իղձ մը
«Սեր» ժողովածու
Ինչպէ՞ս այս իղձն էր ծներ, — կ՚ուզէի սուրբ ըլլալ ես,
Բայց ճշմարիտ, իրական, սրբոց շարքին մէջ դասուած.
Սուրբի կեանքով մը ապրած, նահատակուած սուրբի պէս,
Սուրբ մը՝ գացող ու տեսնող արքայութեան մէջ Աստուած։
Եվ կ՚ըսէի, թէ միակ մեղք մ՚արգիլէր պիտի զիս
Սուրբ ըլլալէ, և այդ մեղքն էի գործած ես գուցէ՝
Այն ատեն1 ութ տարեկան… Ու գոցած ձեռքս երեսիս
Օր մը, դասի միջոցին, լացի՜ վախէ ու ցաւէ։
Եվ ուրիշ օր մը մինչդեռ կոյր մուրացիկ մը՝ հացի
Տոպրակը կախ իր ուսէն՝ մեր տան դիմացն էր կեցեր,
Գացի շիտակ իր վրայ, քաշեցի ձեռքն ու պագի։
Կ՚աղօթէի հօրս հետ ամէն առտու և գիշեր.
Կը խորհէի ամէն տեղ գալիք կեանքիս, մահուանս ալ…
Տղայ էի, կ՚ուզէի ես այն ատեն սուրբ ըլլալ…
Ծանոթագրություններ
- 1 Ատեն, ատենոք — ժամանակ, ժամանակով
Թեմաներ