«Հոգիս»
«Սեր» ժողովածու
Կ՚երթաս ճամփէ մը, որուն վերջը ծանօթ է քեզի,
Հասակիդ չափ ու լայնքիդ փոս մը, որուն կը լընուն
Իսկոյն բացուածքն ու զքեզ առանց օդի և լոյսի
Կը ձըգեն հոն առանձին, կեր և ընկեր որդերուն։
Միայն ոսկոր կը մնաս… մինչև որ օր մ՚ալ անոնք
Տարանջատուին իրարմէ ու դառնան հող համրապէս…
Ինչ որ քու դէմքդ էր այստեղ — ճակատ ու այտ, աչք ու հոնք —
Արդէն վաղուց է լափուած ու սրբըուա՜ծ աշխարհէս…
Սակայն կ՚ապրի՜, կը խորհիս, հոգի՛դ, որ սիրտ և ուղեղ,
Միայն ուղեղ է թերևս, զոր կ՚ըմբռնես ուղեղով
Եվ զայն հազի՜ւ երազել կրնաս իբրև քիչ մը հով։
Հոգի՛դ, հոգւոյն Աստուծոյ գացած մօտիկ վերն, այնտե՜ղ…
Բայց ո՞ւր է վերն… և «հոգիս» կ՚ըսես միայն դուն հիմայ
Ուրիշ մարմնոյ, որ պիտի քու մարմնոյդ պէս չքանայ…։
Թեմաներ