Ընթերցողին
(Ձոն)
«Սեր» ժողովածու
Հոգիս իմս է և որքան թուիմ յանձնել զայն այստեղ
Անցորդներուն անծանօթ, իւրաքանչիւր էջի վրայ,
Հոգիս ի՛մս է և ոչ ոք պիտի ամբողջ զայն ճանչնայ
Իր լոյսերովը պայծառ, իր մթութեամբը ահեղ։
Հոգիս հանքի մ՚է նըման — ոսկի՞, ածո՞ւխ, թէ կապար,
Որուն հազիւ հեղեղներ քրքրեցին խաւը վերին,
Մերթ հրճուանքի ու յաճախ սև հեղեղները ցաւին,
Մինչ հրաբուխ մը խորունկ անոր ներքև կը գոռար…։
Հոգիս այդ հանքն է հիմայ՝ զոր բացած եմ ու պահած,
Եվ ո՞վ գիտէ դեռ որքա՜ն այսուհետև նոր վիշտեր
Պիտի պեղեն ու փորեն զանի հարուած առ հարուած…։
Հոգիս ի՛մս է և այսօր կը մտածեմ, թէ հա՞րկ էր
Զայն այս չափով ալ միայն՝ անցորդներուն ճանչցընել,
Մինչ կ՚ուզէի քիչերո՛ւն ամբողջովի՜ն զայն յանձնել…։
Թեմաներ