Կայմեր
«Սեր» ժողովածու
Տուներուն վրայ կայմեր, կայմեր, կայմեր ահա…
Անառագաստ կը ճամփորդեն տուներն հիմայ՝
Երկար ու կարճ, կարճ ու միջին ալեաց վրայ,
Լոկ բարակուկ այդ կայմերով՝ տուներն հսկայ…
Կը ճամփորդէ ամէն մէկ յարկ իր ընտրանքով,
Առած իր մէջ ուղևորներ, որք ծովէ ծով
Կ՚երթան, նստած մելամաղձիկ լոյսի մը քով,
Սևեռականչ՝ ալիքներուն մարտախռով…
Եվ կը նայիմ, կը նայիմ վեր այդ երերուն,
Դեղին կամ գորշ, շեղ կամ շիտակ ձողիկներուն,
Զոր կը ծեծեն ամէն վայրկեան ալիք անհուն՝
Ալի՛ք անհուն յիմարութեան, ալի՜ք արեան…
Եվ կը դիմեմ ես ձողերուն իմաստութեան,
Որ… ծակելով աչքը մարդոց, զանոնք բանան…
Թեմաներ