Ես այս գիշեր
«Սեր» ժողովածու
Ես այս գիշեր կը ծախեմ յիշատակներըս ամէն…
Կէս գիշերի լուսնին տակ կ՚ուզե՞ս որ մենք սակարկենք.
Ինչպէ՞ս, չունի՞ս դուն ինձի բան մը տալիք փոխարէն.
Բայց միայն շուքըդ, տղա՛ս, հասակիդ շուքը աննենգ…
Սուրբ քաղաքին անհամար խորաններուն վրայ կ՚երդնում
Ահա քեզի, որ սիրով պիտի զանոնք յանձնեմ ես, —
Առ տա՛ր ամենքն, իմ ամբո՜ղջ այս գիտութիւնըս տրտում,
Անցեալս անվերջ կրելէ զիս ազատէ՜ վերջապէս…
Եվ տուր ստուերըդ ինծի…։ Անապատին մէջ, երբ որ
Երթամ մինակըս նորէն, մերկ՝ հոգիով ու մտքով,
Ընկերանա՜յ թող ինձի օրօրուն շուքըդ աղուոր՝
Իբրև ինձմէ իսկ ծնած թեթև հոգի՝ մը հոգւոյս քով,
Իբրև իմ իսկ պաշտամունքս հողին վրայ երկարած,
Հողէն ելած ու հողին տուող համբո՜յր մ՚երկիւղած…
Թեմաներ