Բաց ծովուն մեջ
«Սեր» ժողովածու
Ես պզտիկ ու մեծ շատ մը սէրերու
— Արշիպեղագո՜ս — նաւելով մէջէն,
Առանց ոչ մէկուն քով խարըսխելու
— Ի՜նչ խենթ, խե՜նթ էի — հասած եմ բաց ծով…
Բաց ծո՛վն եմ հիմայ՝ անհունութեան դէմ
Լո՜ւռ հորիզոնին, զո՜ւր հորիզոնին…
Կղզիներն հեռուն նորէն կը տեսնեմ,
Անոնք, մի առ մի, նորէ՜ն կ՚անհետին…
Ո՛չ մէկ նաւ հիմայ, ո՛չ իսկ ապառաժ,
Մ՚որուն շուրջ դառնայ իմ նաւըս գոնէ
Կամ ալիք մը զիս հոն տանի, զարնէ…։
Օվկիա՜ն անծայր՝ մերթ մըռայլ, մերթ խաժ,
Ու մի՜շտ ամայի… Եվ վերէն՝ միայն
Ամպեր, լո՜ւռ ամպեր կը սահին կերթան…
Թեմաներ