Ի՞նչ կընես, քերթող
«Սեր» ժողովածու
Ի՞նչ կընես, քերթո՛ղ, Հոգիին համար,
Ջերմութիւն ու լոյս, որ վերէն իջած՝
Հոգիիդ կրակ ու ճաճանչ կ՚ըլլար…
Որքա՜ն արգելքներ դուն անոր դիմաց,
Պատեր, պատնէշներ կանգներ ես հիմայ,
Որպէսզի ան քեզ հասնիլ չկրնայ։
Օ՜հ, աւելի գէշ, եթէ մէջքդ է ան,
Եթէ օրերով կը գործես այնպէս,
Ինչպէս հոգեզուրկ լարուած մեքենան,
Եթէ ճանչնալով զայն կը բանտարկես
Եվ չես թողուր, որ քու կեանքիդ վրայ
Ան իբրև աղբիւր մը յորդի, մնայ։
Քերթո՛ղ, մօտեցիր ու ըսեմ քեզի
Գաղտուկ, ականջիդ, քեզ համար միայն,
Թէ իրօք դուն ես, դուն անհուն հոգի՝
Նիւթին դէմ անհուն, և քու գործդ է զայն
Թափանցել քեզմով, և այս պատճառաւ
Պէտք է մնաս Հոգւոյն հաղորդիչը լաւ…։
Թեմաներ