Գ. շրջան. 1915-1920
Գ. շրջան. 1915-1920
Ժողովածու
Վահան Թեքեյանի «Գ. շրջան. 1915-1920» բաժնի բանաստեղծությունները։
18 բանաստեղծություն
մոտ 36 րոպե
30.6K դիտում
Բանաստեղծությունների ցանկ
1 Պատերազմ 2 Մարտադաշտին վրայ 3 Քեզ չտեսայ 4 Սուետիա 5 Ադամամութ 6 Ողբ 7 Խնդանք, եղբայրներ 8 Եւ նորէն միշ 9 Ահաւոր բան մը այնտեղ... 10 Տարագրութիւն 11 Յոյսը 12 Պիտի ըսենք աստուծոյ 13 Երազ 14 Պիտի մոռնանք 15 Տարակոյս 16 Հպարտութիւն 17 Յարութեան է շունչն է ահա 18 Ըմբոստութիւն սրբազան
Պատերազմ
Ո՜վ մեծ երազը մարդուն, անգամ մըն ալ դուն այսպէ՜ս
Կը ցնդիս, օդը կ՚ելլես և պէտք ըլլայ պիտի որ
Նորէն երկար տարիներ դուն թխսըուիս, կեանք առնես
Եվ աշխարհի վրայ բանաս թևերդ աղուոր, լուսաւոր…
Կը ցնդիս, օդը կ՚ելլես և պէտք ըլլայ պիտի որ
Նորէն երկար տարիներ դուն թխսըուիս, կեանք առնես
Եվ աշխարհի վրայ բանաս թևերդ աղուոր, լուսաւոր…
երազմահ +2
Մարտադաշտին վրայ
Թէպէտ հեռու ըլլամ հոս կռուոյ կարմիր դաշտերէն,
Կռուողներէն ալ հեռու՝ երակներուս արիւնով,
Թէպէտ արիւնն իմ ցեղիս, երբ հոսեցաւ ուղխօրէն,
Իր օգնութեան փութացող չտեսաւ սիրտ մը իր քով,
Կռուողներէն ալ հեռու՝ երակներուս արիւնով,
Թէպէտ արիւնն իմ ցեղիս, երբ հոսեցաւ ուղխօրէն,
Իր օգնութեան փութացող չտեսաւ սիրտ մը իր քով,
ՎոլտերՎեռլեն +4
Քեզ չտեսայ
Քեզ չտեսայ, բայց ըսին, թէ կայի՛ր դուն, խորհեցայ
Քեզի յոյսով ու ցաւով. իմ հոգիիս նախընծայ
Հունձքը քեզի զոհեցի մտածումով ու գործով,
Ո՜վ հայրենիք, հեռաւոր ու անծանօթ սիրոյ ծով,
Քեզի յոյսով ու ցաւով. իմ հոգիիս նախընծայ
Հունձքը քեզի զոհեցի մտածումով ու գործով,
Ո՜վ հայրենիք, հեռաւոր ու անծանօթ սիրոյ ծով,
հայրենիքկարոտ +1
Սուետիա
Պզտիկ գիւղե՜ր, դուք մեծցաք.
Անհունօրէն մեծցաք դուք,
Երբ բնակիչ չունեցաք…։
Ու ձեր այն Լեռը մեծցաւ,
Անհունօրէն մեծցաք դուք,
Երբ բնակիչ չունեցաք…։
Ու ձեր այն Լեռը մեծցաւ,
ՀայաստանՍուետիա +2
Ադամամութ
Չմտածենք, ո՛վ հոգիս, ջանանք մոռնալ ամէն բան.
Ե՛ւ անհուն յոյսն երեկուան, ե՛ւ այսօրուայ մութն անհուն։
Չմտածենք, չգիտնանք, թէ այս դարձքէն վերջ ճամբան,
Ազգին ճամբան՝ կը ցատկէ անդունդին մէջ անանուն…
Ե՛ւ անհուն յոյսն երեկուան, ե՛ւ այսօրուայ մութն անհուն։
Չմտածենք, չգիտնանք, թէ այս դարձքէն վերջ ճամբան,
Ազգին ճամբան՝ կը ցատկէ անդունդին մէջ անանուն…
եղեռնմահ +2
Ողբ
Ո՞ր խորունկ ողբը երբեք պիտի կրնայ արձագանք
Տալ խորտակուած ու լքուած մեր սրտերուն խեղճութեան…
Այսուհետև մենք ինչպէ՞ս պիտի, Աստուա՜ծ իմ, կրնանք
Մտաբերել միմիայն, խորհիլ, յուսա՜լ ապագան…
Տալ խորտակուած ու լքուած մեր սրտերուն խեղճութեան…
Այսուհետև մենք ինչպէ՞ս պիտի, Աստուա՜ծ իմ, կրնանք
Մտաբերել միմիայն, խորհիլ, յուսա՜լ ապագան…
եղեռնվիշտ +1
Խնդանք, եղբայրներ
Խնդա՛նք, եղբայրներ, իրենց փափագին
Քովն ինկած մարդոց ծիծաղով խնդանք,
Մեր դիակները գրկած կաթոգին՝
Աշխարհի վրայ որքան Հայ որ կանք,
Քովն ինկած մարդոց ծիծաղով խնդանք,
Մեր դիակները գրկած կաթոգին՝
Աշխարհի վրայ որքան Հայ որ կանք,
եղեռնվիշտ +1
Եւ նորէն միշ
Եվ նորէն՝ միշտ, յաւիտեան, այս կրճըտումը սրտին՝
Ինչպէս ջաղացք մը, որուն քարերն իզուր կը դառնան.
Այս թալթըլումը հոգւոյն խորն երկնքի մը ցրտին,
Գոց դուռներուն դէմ մտքին այս ընդհարումն անվախճան…
Ինչպէս ջաղացք մը, որուն քարերն իզուր կը դառնան.
Այս թալթըլումը հոգւոյն խորն երկնքի մը ցրտին,
Գոց դուռներուն դէմ մտքին այս ընդհարումն անվախճան…
վիշտհույս +1
Ահաւոր բան մը այնտեղ...
Ահաւոր բան մը այնտեղ կը կատարուի մութին մէջ…
Դժոխային դրաման այս ինչպէ՞ս կրնայ պատմըուիլ…
Ազգ մը ամբողջ, խորհեցէ՛ք, երեկ կ՚ապրէր, կ՚ոգորէր,
Միտքը լոյսին կը բանար և տակաւ սիրտն ալ լոյսին,
Դժոխային դրաման այս ինչպէ՞ս կրնայ պատմըուիլ…
Ազգ մը ամբողջ, խորհեցէ՛ք, երեկ կ՚ապրէր, կ՚ոգորէր,
Միտքը լոյսին կը բանար և տակաւ սիրտն ալ լոյսին,
եղեռնմահ +2
Տարագրութիւն
Հեղեղ մը սև դէպի հարաւ կը քալէր՝
Ճամբան, տակաւ, աւազին մէջ ցամքելով,
Ճամբան երբեմն ալ կազմելով նոր ուղխեր…
Ան կը քըշէր կոճղ ու ծաղիկ քովէ քով,
Ճամբան, տակաւ, աւազին մէջ ցամքելով,
Ճամբան երբեմն ալ կազմելով նոր ուղխեր…
Ան կը քըշէր կոճղ ու ծաղիկ քովէ քով,
եղեռնվիշտ +2
Յոյսը
Քու ցաւիդ մռայլ երեսին վրայ, —
Նեխած, բորբոսած լիճի մը նման, —
Երբ յանկարծ ճաճանչ մ՚արևի կ՚իյնայ,
Երբ որ կը փայլի Յոյսը մէկ վայրկեան,
Նեխած, բորբոսած լիճի մը նման, —
Երբ յանկարծ ճաճանչ մ՚արևի կ՚իյնայ,
Երբ որ կը փայլի Յոյսը մէկ վայրկեան,
հույսհայրենիք
Պիտի ըսենք աստուծոյ
Թէ պատահի, որ այսօր անհաւասար այս կռուին
Չկարենանք դիմանալ և ուժասպառ, ոգեվար
Գետին ինկած՝ չկրնա՜նք ոտքի ելլել վերստին
Ու յաղթէ մահը կեանքի ոգորումին մեր երկար…
Չկարենանք դիմանալ և ուժասպառ, ոգեվար
Գետին ինկած՝ չկրնա՜նք ոտքի ելլել վերստին
Ու յաղթէ մահը կեանքի ոգորումին մեր երկար…
եղեռնպայքար +1
Երազ
Երազիս մէջ ես տեսայ՝ երկինքն յանկարծ բացուեցաւ,
Կապարագոյն մեծ երկինքն, որ ծանրացեր էր ա՛յնքան,
Այնքա՛ն ճնշէր մեր վրայ ու մեզ խեղդեր էր տակաւ,
Ահա յանկարծ բացուեցա՜ւ՝ կափարիչի մը նման…
Կապարագոյն մեծ երկինքն, որ ծանրացեր էր ա՛յնքան,
Այնքա՛ն ճնշէր մեր վրայ ու մեզ խեղդեր էր տակաւ,
Ահա յանկարծ բացուեցա՜ւ՝ կափարիչի մը նման…
երազհույս +1
Պիտի մոռնանք
Պիտի մոռնա՜նք մենք զմեզ, մեր վիշտն ու վէրքն ահագին
Պիտի մոռնանք, այնպէս չէ՞, երբ մեր երկիրը դառնանք
Ու աշխատինք ունկընդրել տակաւ զարնելն իր սրտին
Եվ մենք ու ան իրարու քիչ առ քիչ ուժ տանք ու կեանք…
Պիտի մոռնանք, այնպէս չէ՞, երբ մեր երկիրը դառնանք
Ու աշխատինք ունկընդրել տակաւ զարնելն իր սրտին
Եվ մենք ու ան իրարու քիչ առ քիչ ուժ տանք ու կեանք…
հայրենիքհույս +1
Տարակոյս
Եվ Տարակոյսն հոգւոյս մէջ կը կանգնէ գլուխն իր օձի…
Ճշմարի՞տ է այն ամէնն, որուն ես ցարդ հաւտացի.
Ինքնիրմէն դուրս կը հոգա՞յ մարդն ուրիշ մէկը երբեք,
Եղբայրութիւնը արդեօք չէ՞ մեծ խաբկանք մը, ըսէ՛ք,
Ճշմարի՞տ է այն ամէնն, որուն ես ցարդ հաւտացի.
Ինքնիրմէն դուրս կը հոգա՞յ մարդն ուրիշ մէկը երբեք,
Եղբայրութիւնը արդեօք չէ՞ մեծ խաբկանք մը, ըսէ՛ք,
հայրենիքփիլիսոփայություն +1
Հպարտութիւն
Կարենալու համար ապրիլ այսուհետև,
Օդի, ջուրի, հացի նման
Մենք պէտք ունինք Հպարտութեան,
Պէտք ունինք, որ մեր անունն ալ սաւառնաթև
Օդի, ջուրի, հացի նման
Մենք պէտք ունինք Հպարտութեան,
Պէտք ունինք, որ մեր անունն ալ սաւառնաթև
հայրենասիրականպայքար
Յարութեան է շունչն է ահա
Յարութեան շունչն է ահա, ջարդակոտոր Ազգըդ իմ,
Հորիզոնէն ծայր տուած, որ կը փչէ մարմնոյդ վրայ…
Ամայութի՜ւն, լռութի՜ւն… Օրորոց չէ, այլ շիրիմ
Երկիրն ամբողջ, ուր երեկ դուն զոհուեցար անխնայ…
Հորիզոնէն ծայր տուած, որ կը փչէ մարմնոյդ վրայ…
Ամայութի՜ւն, լռութի՜ւն… Օրորոց չէ, այլ շիրիմ
Երկիրն ամբողջ, ուր երեկ դուն զոհուեցար անխնայ…
հարությունհույս +2
Ըմբոստութիւն սրբազան
Օր մը յանկարծ վառեցար…
Երկինքներէն հեռաւոր
Ինկած կայծէ մը կարծես՝
Մեր հիւղերուն ու քայլերուն մեր մէջտեղ,
Երկինքներէն հեռաւոր
Ինկած կայծէ մը կարծես՝
Մեր հիւղերուն ու քայլերուն մեր մէջտեղ,
պայքարազատություն +1