Յոյսը
«Գ. շրջան. 1915-1920» ժողովածու
Քու ցաւիդ մռայլ երեսին վրայ, —
Նեխած, բորբոսած լիճի մը նման, —
Երբ յանկարծ ճաճանչ մ՚արևի կ՚իյնայ,
Երբ որ կը փայլի Յոյսը մէկ վայրկեան,
Ինչպէ՜ս վերստին դուն կը պսպըղաս,
Դուն կը մաքրուիս, կ՚աղուորնաս նաև,
Եվ ինչպէ՜ս, ա՛զգ իմ, կ՚արձակես վրաս
Զիս լուսավառող կայծեր հրաթև…։
Եվ ես կը հաւտամ, ո՛վ ազգս, այդ պահուն,
Թէ քու ծոցիդ մէջ, քու ցաւիդ մռայլ
Երեսին ներքև, արեգակնափայլ
Ադամանդներու գանձեր կան անհուն,
Գանձեր, զոր կարծես խորքէդ անյատակ
Կը հանէ բուռ-բուռ, Յոյսը՝ մեծ սուզակ…։