Պատերազմ
«Գ. շրջան. 1915-1920» ժողովածու
Ո՜վ մեծ երազը մարդուն, անգամ մըն ալ դուն այսպէ՜ս
Կը ցնդիս, օդը կ՚ելլես և պէտք ըլլայ պիտի որ
Նորէն երկար տարիներ դուն թխսըուիս, կեանք առնես
Եվ աշխարհի վրայ բանաս թևերդ աղուոր, լուսաւոր…
Մարդոց միջև դուն Սիրոյ, Եղբայրութեան քաղցր Երա՜զ,
Զոր է՛ն քաղցրերը մարդոց, քաղցր յիմարները անշուշտ,
Երազեցին, սնուցին դարէ ի դար յանապազ
Եվ կանգնեցին զերթ պատուար մ՚Ոճիրին դէմ արիւնռուշտ…
Մեծ ու դժբախտ դուն Երա՛զ, աստուածութիւնը մարդուն,
Որ կը ջանայ, չի կրնա՜ր խանձարուրէն դուրս ելլալ,
Ինչպէ՜ս տխուր է խորհիլ, թէ անգամ մ՚ալ մեռար դուն…
Խաղաղութի՜ւն արդ քեզի, սպաննեցին զքեզ ալ,
Քե՛զ, որ հիմայ կը լողաս ճահիճներու մէջ արեան,
Խոշտանգըուած, խողխողուած՝ խեղճ փոքր հայո՜ւ մը նման…։