Ըմբոստութիւն սրբազան
«Գ. շրջան. 1915-1920» ժողովածու
Օր մը յանկարծ վառեցար…
Երկինքներէն հեռաւոր
Ինկած կայծէ մը կարծես՝
Մեր հիւղերուն ու քայլերուն մեր մէջտեղ,
Համայնածախ1 ո՛վ կրակ,
Ըմբոստութի՛ւն սրբազան։
Խորշակներէն բռնութեան
Մեր հոգիներն, որպէս խռիւ,
Չորցեր էին ու մութին մէջ մեր բախտին
Հիմայ լուռ-մունջ կ՚այրէին,
Քեզմով փունջ-փունջ կ՚այրէին,
Ըմբոստութի՛ւն սրբազան։
Կուպր ու կապար գիշերուան
Վրայ ժայթքող շառափէդ
Սարսափեցան չղջիկներն
Ու վեր ու վար, աջ ու ձախ
Թրթըռաթիռ նետուեցան.
Բուերն երկար վայեցին
Երդիքներուն մեր վերև.
Հին խլուրդները դարձան
Իրենց ծածուկ ծակերուն,
Եվ աղուեսները շուար
Կծկըուեցան, պահուեցան,
Ու գայլերն իսկ կատաղի
Ընկրկեցան քու փայլէդ,
Ըմբոստութի՛ւն սրբազան։
Ծուխէդ կուրցան աչուըներ,
Ան երկինքն իսկ կը ծածկէր,
Կ՚ըներ աստղերն իսկ անտես…
Անջատ բոցերըդ հիմայ
Իրարու ձեռք կուտային,
Մերթ գետերու պէս կարմիր
Կը վազէին հողին վրայ,
Մերթ, շատըրուան շառագոյն՝
Կը ժայթքէին դէպի վեր,
Եվ հորիզոնը ամբողջ, մինչև հեռուն, շատ հեռուն
Կը պատըռտէր քու թռչըտուն սուրերէդ,
Ըմբոստութի՛ւն սրբազան։
Եղաւ, ո՜վ հուր գեղեցիկ,
Որ պահ մը դուն յանգեցար…
Բայց քիչ անդին կը սարսէր
Վերստին հողը ահա՛,
Եվ դուն, ուժգի՛ն աւելի,
Կը պոռթկայիր գետնէն դուրս,
Կարծես գետնին ներքևէն
Քալած, վազած ըլլայիր,
Կարծես բոլոր քաջերուն,
Հերոսներուն, սուրբերուն
Որ հոն ինկած, թաղուած են,
Աղիքներէն, գանգերէն,
Մէկէն միւսին անցնելով,
Աճած, մեծցա՜ծ ըլլայիր,
Կարծես ամբողջ նախահարց2
Սիրտը սնունդ քեզ գտնելով վառուէիր,
Ըմբոստութի՛ւն սրբազան։
Օհ, վերջապէ՜ս, վերջապէ՜ս…
Նայէ՛, առտու է հիմայ
Ու փոթորիկն ահա դադրեր է արդէն…
Մոխրացեր է մեծ զնդանն
Ու ժըպիտ կայ սաւառնող,
Մեր աշխարհին ամայութեանը վերև՝
Փոխան լացին, զոր չորցուցիր,
Ըմբոստութի՛ւն սրբազան։
Բայց մեզի պէ՜տք ես դուն դեռ.
Դուն մնացիր, բնակէ՛
Մեր մտքերուն մէջ հիմայ,
Ըմբոստութի՛ւն սրբազան.
Զանոնք տաքցուր, բորբոքէ,
Ըրէ հնոց, որուն մէջ
Մերին ժանգերը հալին,
Մեր մասնիկները բոլոր
Իրար ձուլուին, ամրանան,
Մետաղն ըլլայ կարծր ու ջինջ
Եվ փալփլումն իր երգէ՜ փա՛ռքդ յաւիտեան,
Ըմբոստութի՛ւն սրբազան…։
Ծանոթագրություններ
- 1 Համայնածախ — ամէն ինչ լափող, ոչնչացնող
- 2 Նախահարց — նախահայրերի, պապերի
Թեմաներ