Յարութեան է շունչն է ահա
«Գ. շրջան. 1915-1920» ժողովածու
Յարութեան շունչն է ահա, ջարդակոտոր Ազգըդ իմ,
Հորիզոնէն ծայր տուած, որ կը փչէ մարմնոյդ վրայ…
Ամայութի՜ւն, լռութի՜ւն… Օրորոց չէ, այլ շիրիմ
Երկիրն ամբողջ, ուր երեկ դուն զոհուեցար անխնայ…
Բայց յարութեան շունչն է այս, ու զայն զգաս պիտի դուն
Գերեզմանիդ իսկ խորէն՝ կուրծքիդ վրայ ջախջախուած
Ու շուրթերուդ մսաթափ, և քու աչքերըդ ի քուն,
Մարած աչքերդ արթննա՜ն պիտի լոյսին նորաբաց…
Քու արիւնէդ բողբոջած խոտերը քեզ քսուելով
Պիտի տան քեզ նոր կեանքի գթոտ գգուանքն առաջին,
Մինչ, կառչելով դուն անոնց, համր, սակայն ապահով
Շարժմամբ ոտքի պիտ ելլես՝ թափած պատանքը հողին…
Մեղմի՜ւ, մեղմի՜ւ, վախնալով քեզ տալ յուզում մը սաստիկ,
Պիտի անցնին գարնային ծիծեռնակներն երկինքէն.
Մեղմի՜ւ կռունկը իջնէ պիտի ձեռքիդ քու մօտիկ
Եվ սոխակները հեռուն պիտի մեղմիւ դայլայլեն…
Բայց դուն արդէն մօտեցած ես առուակի մը, ահա՝
Եվ քու վէրքերդ իր ջուրին մէջ խնամքով կը լուաս,
Զայն կը խըմես, և յանկարծ իբր հայելւոյ մը վրայ՝
Ո՜վ խռովիչ տեսարան, քիչ մ՚արդուզարդ ալ կուտաս…
Ու փլատակներըդ ահա կը հարթըուին քիչ առ քիչ,
Մոխիրներուդ ներքևէն փոքր ածուներ կը յառնեն,
Ամենուրեք կը շարժին արոր ու բահ ու բրիչ,
Եվ լուսասփիւռ դաշտերուդ սա՛ կանաչ քողն է ցորեն…։
Ու զօրացած, աղուորցած՝ հունձքի գիշեր մը, երբ որ
Դուն կը հսկես գորովով զաւկըներուդ վրայ կայտառ,
Որ արտին մէջ կը նիրհեն, ահա աստղերը բոլոր,
Ո՛վ յարուցեալ, գլխուդ շուրջ կ՚ըլլան պսա՜կ մը պայծառ…
Թեմաներ