Հրայրքի պահեր
Հրայրքի պահեր
Ժողովածու
Վահան Թեքեյանի «Հրայրքի պահեր» բաժնի բանաստեղծությունները։
15 բանաստեղծություն
մոտ 30 րոպե
25.5K դիտում
Բանաստեղծությունների ցանկ
1 Գազանը 2 Մատուցում 3 Գոհացում 4 Կենդանի քերթուածը 5 Հրաւէր 6 Գգուանքները 7 Կրնայի 8 Գինովութիւն 9 Խնճոյքը 10 Խոստում 11 Դիպուածը 12 Վայրկեանը 13 Ծերութիւն 14 Անկարեկիր քնարը 15 Ինձ կը թուի, թե ապրած եմ
Գազանը
Ինչպէս նախնիքս անգղերու և գայլերու աստուծոյն
Ատեն-ատեն, իբրև զոհ, գեղեցկագոյն գառն հօտին
Կ՚ընծայէին… այնպէս ես՝ հոգւոյս հունձքը լաւագոյն,
Իմաստութեանս կը նետեմ խարտեաշ հասկերը գետին։
Ատեն-ատեն, իբրև զոհ, գեղեցկագոյն գառն հօտին
Կ՚ընծայէին… այնպէս ես՝ հոգւոյս հունձքը լաւագոյն,
Իմաստութեանս կը նետեմ խարտեաշ հասկերը գետին։
փիլիսոփայությունմարդ +1
Մատուցում
Աչքերս երկու զոյգ բաժակներ են կարծես՝
Մինչև բերան քու տեսիլովդ լեցուն,
Դռան յետև բարձրամատոյց և վախէս
Դողդողագին՝ հասակիդ ներս մտնելուն
Մինչև բերան քու տեսիլովդ լեցուն,
Դռան յետև բարձրամատոյց և վախէս
Դողդողագին՝ հասակիդ ներս մտնելուն
սերկիրք
Գոհացում
Տենչանքին քով գոհացումը կ՚ուզեմ արդ…
Պէտք է գոնէ տենչանքին թող տալ շարժիլ
Ազատօրէն, աներկևան ու հպարտ,
Եվ չարգիլել, որ ան լեռնէն վար ի գիլ
Պէտք է գոնէ տենչանքին թող տալ շարժիլ
Ազատօրէն, աներկևան ու հպարտ,
Եվ չարգիլել, որ ան լեռնէն վար ի գիլ
սերկիրք +1
Կենդանի քերթուածը
Վաղուան յոյսին ծանրութեամբ աչքերս ահա կը գոցուին,
Մարմնոյդ յուշը մարմնոյս վրայ լափլիզելով կը սուրայ
Եվ փետուրի զերթ տարափ մը թափթփող գլխուս վրայ՝
Հին գգուանքներդ նորէն ես կըմբոշխնեմ հոգևին…։
Մարմնոյդ յուշը մարմնոյս վրայ լափլիզելով կը սուրայ
Եվ փետուրի զերթ տարափ մը թափթփող գլխուս վրայ՝
Հին գգուանքներդ նորէն ես կըմբոշխնեմ հոգևին…։
սերկիրք +1
Հրաւէր
Քեզ արուեստով պիտի սիրեմ…։ Գիտնայի՜ր
Եթէ հմայքը իմ վարպետ ձեռքերուս՝
Անութներուդ գրկող խորշերն անբասիր
Եվ կողերուդ փայփայող մորթը սնդուս,
Եթէ հմայքը իմ վարպետ ձեռքերուս՝
Անութներուդ գրկող խորշերն անբասիր
Եվ կողերուդ փայփայող մորթը սնդուս,
սերկիրք
Գգուանքները
Գգուանքներուն ես գիտութիւնը ուսայ
Քու քովդ, հոգի՛ս… նախ վախնալով, գաղտնաբար
Թևս թևիդ վրայ դրած, և ապայ՝
Քու հասկըցող, քու թոյլատրող, անբարբառ
Քու քովդ, հոգի՛ս… նախ վախնալով, գաղտնաբար
Թևս թևիդ վրայ դրած, և ապայ՝
Քու հասկըցող, քու թոյլատրող, անբարբառ
սերկիրք +1
Կրնայի
Ո՜վ տարակոյսն զմայլահար իմ մտքիս՝
Անկարելի անմեղութեանդ վրայ,
Դռանդ առջև կեցընելու համար զիս
Եվ յուսալու ներսը անոր՝ անվըկայ
Անկարելի անմեղութեանդ վրայ,
Դռանդ առջև կեցընելու համար զիս
Եվ յուսալու ներսը անոր՝ անվըկայ
սերկիրք +1
Գինովութիւն
Ո՛վ դուն, այս գիշեր գինովնանք մէկտեղ…
Իմ երկչոտութիւնս, քո դիմադրութիւնդ
Գինւոյ բաժակին մէջ յակընթագեղ
Թող լուծուին և թող սիրոյ տան ծնունդ…։
Իմ երկչոտութիւնս, քո դիմադրութիւնդ
Գինւոյ բաժակին մէջ յակընթագեղ
Թող լուծուին և թող սիրոյ տան ծնունդ…։
սերկիրք
Խնճոյքը
Ես կը սպասեմ դեռ անոր, այն սպիտակ, դեռատի
Եվ ողորմած էակին, որ, ա՜հ, գիտնար պիտի թէ՝
Իմ էութիւնս ամբողջ, ծարաւահիւծ ու նոթի
Ինծի տալիք անսահման իր խնճոյքին կը սպասէ…։
Եվ ողորմած էակին, որ, ա՜հ, գիտնար պիտի թէ՝
Իմ էութիւնս ամբողջ, ծարաւահիւծ ու նոթի
Ինծի տալիք անսահման իր խնճոյքին կը սպասէ…։
սերկիրք +1
Խոստում
Քո թարմութիւնդ ինձի խոստացուեցաւ լռելեայն,
Չէ՞, ո՛վ աղուոր, այս գիշեր դուն խոստացար ինձի զայն,
Նայուածքներուդ կրակով, որ բռընկցուց իմ հոգիս,
Եվ ձևերուդ պերճախօս լեզուով, որ խենթ դարձուց զիս։
Չէ՞, ո՛վ աղուոր, այս գիշեր դուն խոստացար ինձի զայն,
Նայուածքներուդ կրակով, որ բռընկցուց իմ հոգիս,
Եվ ձևերուդ պերճախօս լեզուով, որ խենթ դարձուց զիս։
սերկիրք +1
Դիպուածը
Փնտըրեցի այս գիշեր հանդիպում մը դիպուածի,
Անոնց նման, զոր առոյգ տենչանքս մերթ կ՚ունենար…
Սիրոյ բոյր մը այս գիշեր գաղջ օդին մէջ կը հածի,
Զոր շնչելով քիչ առ քիչ՝ գացի գինով, տենդահար…։
Անոնց նման, զոր առոյգ տենչանքս մերթ կ՚ունենար…
Սիրոյ բոյր մը այս գիշեր գաղջ օդին մէջ կը հածի,
Զոր շնչելով քիչ առ քիչ՝ գացի գինով, տենդահար…։
սերկիրք +1
Վայրկեանը
Ա՜հ, վայրկեանին մէջ՝ կրկին
Վայրկեաններ կան, իրարու
Դէմյանդիման, կը նային
Զիրար առանց ճանչելու…։
Վայրկեաններ կան, իրարու
Դէմյանդիման, կը նային
Զիրար առանց ճանչելու…։
սերժամանակ +1
Ծերութիւն
Կը ծերանամ…։ Հաճոյքներէն երեկուան
Բերանըս ալ համ չառնէր.
Սիրոյ յոյսն իսկ և տեսիլն ալ յաղթութեան
Զիս կը թողուն անտարբեր…։
Բերանըս ալ համ չառնէր.
Սիրոյ յոյսն իսկ և տեսիլն ալ յաղթութեան
Զիս կը թողուն անտարբեր…։
ժամանակհիշողություն +2
Անկարեկիր քնարը
Ամենասև վայրկեաններուս կը մօտենամ երբ իրեն,
Եվ ինք գիտէ, որ ալ ոչինչ զիս իրմէ զատ կը սփոփէ,
Հոգիս իրեն երբ կը յանձնեմ բնազդօրէն, հեզօրէն,
Ան կը փախի հիմայ ինձմէ և չի ճանչնար զիս, բաբէ՜…
Եվ ինք գիտէ, որ ալ ոչինչ զիս իրմէ զատ կը սփոփէ,
Հոգիս իրեն երբ կը յանձնեմ բնազդօրէն, հեզօրէն,
Ան կը փախի հիմայ ինձմէ և չի ճանչնար զիս, բաբէ՜…
պոեզիավիշտ +1
Ինձ կը թուի, թե ապրած եմ
Ինձ կը թուի, թէ ապրած եմ Էլլադայի մէջ հին ատեն,
Սոկրատին պէս վճիտ հոգւով իմաստասէր մըն եմ եղած,
Աստուածային գաղտնիքին դէմ կեցած եմ լուռ ու երկիւղած,
Սքանչահար զայն դիտելու և լուծելու զայն զբաղած…։
Սոկրատին պէս վճիտ հոգւով իմաստասէր մըն եմ եղած,
Աստուածային գաղտնիքին դէմ կեցած եմ լուռ ու երկիւղած,
Սքանչահար զայն դիտելու և լուծելու զայն զբաղած…։
ՍոկրատՀունաստան +3