Անկարեկիր քնարը
«Հրայրքի պահեր» ժողովածու
Ամենասև վայրկեաններուս կը մօտենամ երբ իրեն,
Եվ ինք գիտէ, որ ալ ոչինչ զիս իրմէ զատ կը սփոփէ,
Հոգիս իրեն երբ կը յանձնեմ բնազդօրէն, հեզօրէն,
Ան կը փախի հիմայ ինձմէ և չի ճանչնար զիս, բաբէ՜1…
Իզո՜ւր իրեն կը ցուցընեմ վէրքս խորունկ, ցաւս մեծ,
Իզուր իրեն կը յիշեցնեմ, թէ երբեմնի տղան եմ,
Որուն յաճախ աչուըներուն թեթև արցունքը սրբեց,
Զոր օրօրեց իր երգերով և քնացուց կուրծքին դէմ։
— «Դաշնակութեան հեղեղներուդ հիմա՛յ է, որ պէտք ունիմ,
Կ՚ըսեմ իրեն, հալածելու համար ժխորը կեանքին
Եվ մոռնալու համար հոգւոյս յոգնութի՜ւնը ահագին…»։
Բայց ան ինձի բառ մը չուղղէր, և ո՛չ մէկ բառ մտերիմ,
Զիս չի ճանչնար և կը թողու զիս իմ ցաւիս հետ մինակ,
Մինակ ու լուռ, գօտեմարտիլ և ընկճուիլ անոր տակ…։
Ծանոթագրություններ
- 1 Բաբէ՜ — աւա՜ղ
Թեմաներ