Գգուանքները
(VI)
«Հրայրքի պահեր» ժողովածու
Գգուանքներուն ես գիտութիւնը ուսայ
Քու քովդ, հոգի՛ս… նախ վախնալով, գաղտնաբար
Թևս թևիդ վրայ դրած, և ապայ՝
Քու հասկըցող, քու թոյլատրող, անբարբառ
Նայուածքիդ տակ համարձակիլ փորձելով…։
Շուրջը մէջքիդ և ազդրերուդ սահանքին
Վրայ ձեռքերուս անկումներովը գինով,
Անկումներովն երկար, անվե՜րջ, զայրագի՜ն…։
Մինչև այն պահն, ուր վախնալով գերագոյն
Գգուանքի մը մերձեցումէն, անկարո՛ղ
Դիմադրելու իր հեշտութեան նուաճող՝
Կը հրես թևս և սարսուռով մը իսկոյն
Ոտքի կ՚ելլես, ձգելով զիս, որ այստեղ
Հեծեմ մութին մէջ առանձին, սիրազեղ…։
Թեմաներ