Գոհացում
(III)
«Հրայրքի պահեր» ժողովածու
Տենչանքին քով գոհացումը կ՚ուզեմ արդ…
Պէտք է գոնէ տենչանքին թող տալ շարժիլ
Ազատօրէն, աներկևան ու հպարտ,
Եվ չարգիլել, որ ան լեռնէն վար ի գիլ
Գայ ուժգնօրէն՝ ճամբաներէ մերթ խոտոր,
Եվ ըլլայ իսկ գուցէ արշաւն անյաջող՝
Թողուլ, որ սիրտն ըմպէ նեկտարը պղտոր
Իր վայելքի յոյսին, հևքին քրտնողող…
Գոհացումի պէտք է իմ յոյսըս հիմայ
Ճաճանչ դնէ սիրուած աղուոր գլխուն շուրջ…
Սպասումիս մէջ դիմացէս երբ կուգայ՝
Պէտք է գիտնայ, — օ՜հ, կէս-կատակ ու կէս-լուրջ, —
Թէ բերնիս տակ պիտի շրթները հալին,
Թէ իմս ըլլան պիտի մարմինն ու հոգին…։