Ծերութիւն
«Հրայրքի պահեր» ժողովածու
Կը ծերանամ…։ Հաճոյքներէն երեկուան
Բերանըս ալ համ չառնէր.
Սիրոյ յոյսն իսկ և տեսիլն ալ յաղթութեան
Զիս կը թողուն անտարբեր…։
Կեանքի ճաշակն արմատախիլ ո՞վ ըրաւ,
Ո՞ր դաժան ձեռքը սրտէս.
Հոգիիս մէջ հիմայ մոխիր կայ անբաւ1,
Հոն, ուր առաջ կար պարտէզ։
Գերեզմանի ցուրտ մը դէմքիս վրայ կը զգամ,
Երբ կը նայիմ ոտքիս տակ.
Ոչ թէ այսօրն, այլ կ՚ատեմ վաղը անգամ,
Ու երէկն ալ բովանդակ…։
Չորցա՜ն, աւաղ, բիւր ծաղիկները սրտիս…
Ոչ մէկ փափագ, ոչ մէկ սէր…
Ո՜վ իմ անցեալս, դուն իսկ ինձմէ կը զատուիս.
Ինչպէս ծառէն ճիւղ մը ծեր…։
Բայց այս գիշեր վերջին անգամ մը թերևս,
Ո՜վ իմ անցեալըս, եկուր գրկենք մենք իրար,
Անո՜ւշ անցեալ, զոր ներկայի իմ ցաւերս
Կը դառնացնեն համրաբար…։
Վերջին անգամ մը երևցի՛ր ինձի դուն,
Այնպէս հանդարտ, այնպէս փափուկ ու վճիտ,
Ինչպէս գիւղ մը արշալոյսին մէջ հեռուն,
Պայծառութեամբը խղճիդ։
Դուն ունեցար, գիտեմ, վշտեր, որ մեռնիլ
Կուտային քեզ, և հրճուանքներ, որոնցմով
Կը թոթվըուէր հոգիդ, անտառ նորածիլ,
Անտառ, որուն սէրն է հով։
Գիտեմ, թէ ի՜նչ մեծ յոյսերու անձնատուր՝
Կվազէիր և յուսախաբ կ՚իյնայիր,
Ինչպէ՜ս մերթ ալ՝ պատկերներու դէմ տխուր
Կը հևայիր անհարիր։
Յետոյ պզտիկ քաղցրութիւններ, մերթ ընդ մերթ,
Քեզ օծեցին, լեցուցին քեզ… մինչ հիմայ
Զերթ ծաղկէ մը, որ թափեցաւ թերթ առ թերթ՝
Բոյրէդ ոչինչ կը մնայ…։
Ուրեմըն ի՞նչ, առանց սիրոյ և յոյսի
Պիտի մնա՞մ միշտ առանձին ես այսպէս,
Միշտ ու միայն լալու համար մեկուսի
Աւերակաց բուին պէս…։
Ո՜վ իմ անցեալս, կը մեռնիս դուն, բայց նորէն
Վերջին անգամ եկուր գրկենք մենք իրար.
Զիս թևերուդ մէջ դուն սեղմէ՛ ուժգնօրէն,
Եվ խեղդէ՛ զիս համրաբար…։
Ծանոթագրություններ
- 1 Ամբաւ (անբաւ) — անչափ, անհատնում
Թեմաներ