Խոստում
(X)
«Հրայրքի պահեր» ժողովածու
Քո թարմութիւնդ ինձի խոստացուեցաւ լռելեայն,
Չէ՞, ո՛վ աղուոր, այս գիշեր դուն խոստացար ինձի զայն,
Նայուածքներուդ կրակով, որ բռընկցուց իմ հոգիս,
Եվ ձևերուդ պերճախօս լեզուով, որ խենթ դարձուց զիս։
Ի՜նչ թարմ էիր, ի՜նչ ճերմակ, բարձրահասակ, փափկադէմ,
Մարմնեղ սակայն, և արդէն կը բերէի աչքիս դէմ
Ինչ գաղտնիք, որ երջանիկ քո զգեստներդ կը պահեն,
Շնորհ ու լոյս մարմնացած, ձև ու մարմին լուսեղէն…։
Սակայն ինչպէ՜ս, Աստուա՜ծ իմ, ինչպէ՜ս յիմար եղայ ես
Որ գոռացող տենչանքիս հետ մեկնեցայ առանձին,
Գալարուելով մինչև լոյս, դողդղալու որբի պէս…
Այսօր հիւանդ եմ քեզմով, ու կը նայիմ անձկագին
Ամէն վայրկեան, ամէն տեղ, անցորդներու դէմքն ի վեր,
Փնտըրելով զքեզ միշտ, քեզ գտնելու անհամբեր…։