Կրնայի
(VII)
«Հրայրքի պահեր» ժողովածու
Ո՜վ տարակոյսն զմայլահար իմ մտքիս՝
Անկարելի անմեղութեանդ վրայ,
Դռանդ առջև կեցընելու համար զիս
Եվ յուսալու ներսը անոր՝ անվըկայ
Քողամերկումն արձանագեղ քու մարմնոյդ…։
Վերադարձի մութ ճամբուս մէջ ամայի՝
Դեռ կը կարծեմ տեսնել աչքերդ կապոյտ
Եվ կը խորհիմ, թէ բերնիդ վրայ կրնայի
Դնել համբոյրը շրթներուս տարփաւոր…
Թէ կրնայի թևերուս մէջ քաղցրօրէն
Զքեզ գրկել ու փայփայել, մինչև որ
Գլուխդ ինկած կուրծքիս վրայ, և խորէն
Երախտիքիդ բխած ժպտով մ՚աչքիդ մէջ,
Արբեցնէիր զիս շունչիդ տաք բուրումով,
Եվ ա՛լ հսկէր տենչանքիս լոյսը անշէջ
Հեշտավաստակ քընիդ վրայ անխռով…։