Խնճոյքը
(IX)
«Հրայրքի պահեր» ժողովածու
Ես կը սպասեմ դեռ անոր, այն սպիտակ, դեռատի
Եվ ողորմած էակին, որ, ա՜հ, գիտնար պիտի թէ՝
Իմ էութիւնս ամբողջ, ծարաւահիւծ ու նոթի1
Ինծի տալիք անսահման իր խնճոյքին կը սպասէ…։
Պիտի գիտնա՜ր ան հարկաւ…։ Տղու մը պէս միամիտ
Եվ Աստծու պէս գիտուն, պիտի գիտնար իր ձայնին,
Շարժումներուն և աչքին բիւրեղներովը վճիտ
Մատռուակել ինծի նախ յոյսի կարմիր թունդ գինին։
Յետոյ ինծի թոյլատրէր պիտի, որ ձեռքը բռնեմ,
Որ ըմբոշխնեմ մարմինին բուրումն աղուոր ու հզօր,
Եվ արբենամ շրթներուն ժպիտներէն քաղցրածոր…։
Թոյլ պիտի տար, որ յետոյ զինքը պահեմ կուրծքիս դէմ,
Որ զինք սեղմեմ ուժգնօրէն թևերուս մէջ, բերնիս վրայ,
Եվ սեղանին կործանմա՜մբ այս խնճոյքը լրանայ…։
Ծանոթագրություններ
- 1 Նոթի — անոթի, սոված