Վայրկեանը
(XII)
«Հրայրքի պահեր» ժողովածու
Ա՜հ, վայրկեանին մէջ՝ կրկին
Վայրկեաններ կան, իրարու
Դէմյանդիման, կը նային
Զիրար առանց ճանչելու…։
Երկու բերան միասին
Եղան անոր օրհներգու՝
Նոյն համբոյրով կը զատուին,
Եվ էր վայրկեանը երկու…։
Կը յիշեմ զայն, բայց այնպէ՞ս,
Ինչպէս դուն ալ, ես գիտե՞մ
Թէ անկէ ի՞նչ կը պահես…
Եվ այս խրամը դժխեմ
Կայ սէրերուն մէջ ամէն…
Միշտ վայրկեանները զոյգ են…։
Թեմաներ