Ուխտ մը
«Հոգեր» ժողովածու
Իմ պարտէզիս մէջ ճերմակ պատերով
Փոթորիկի խիստ օրէ մը յետոյ,
Ուխտ մը տնկեցի Անպահանջ Սիրոյ,
Դողացող երկար իր նուրբ ցողունով։
Եվ ոռոգեցի զայն ջերմ արցունքով.
Ամէն առաւօտ, ամէն երեկոյ
Հակեցայ ծաղկանցն իր վրայ անգոյ,
Եվ շատ գիշերներ լուսցուցի իր քով…
Գիշեր մը, լուսնէն երազ մը իջաւ
Եվ, հովհարելով, իմ աչուըներուս
Չորցուց արցունքը, նայուածքըս կորոյս
Արթնութիւնը իր և երբ որ անբաւ1
Ժպտով արթընցայ՝ Ուխտըս չորցած էր.
Սև ու ճարճատուն, ինչպէս ճիւղ մը ծեր…
Ծանոթագրություններ
- 1 Ամբաւ (անբաւ) — անչափ, անհատնում