Վաղը
«Արարատեան դաշտին մեջ» ժողովածու
Ո՛չ թէ Այսօրն երկարելու համար — ո՛չ —
Տգեղ Այսօրն իր տրտմութեամբը անհուն՝
Կը գալարէ հոգիս և ձեռքս դողդոջ
Կը վազէ վրան քնարիս հին լարերուն…
Ո՛չ, ո՜վ իմ Ազգս, և թէ վճիռն այդ ըլլար,
Զոր գիրքին մէջ կանխագրած է Աստուած,
Ես կ՚ուզէի պիտի լալո՜վ, բայց յօժար,
Տեսնել անունդ երկրէս իսպառ սրբըուած…
Այլ՝ լոկ Վաղուան մտածելով և անոր
Կենդանարար արևներովը թերե՜ւս
Հասնելիք նոր հոգիներուն, Ազգին նոր
Երազելով է, որ հիմայ ես թևերս
Մութին մէջէն մոլեգնօրէն կ՚երկարեմ
Դէպի հեռուն՝ մութ հորիզոնը յղի,
Քնարիս հետ, որուն դեռ երգն է դժխեմ,
Բայց որ կարծես ինքն ալ երկունք մը կ՚ապրի,
Ո՜հ, այդ Վաղուան լոյսի առատ աղբիւրին,
Որ մեզ ամբողջ պիտի լուար, ողողէր.
Ա՛հ, ուշացած այդ կաթին, որ հայ հոգին
Պիտի նորոգ սնուցանէր, որ ո՜վ Տէր,
Աշխարհին վրայ պիտի ներէր մեզի ալ,
Պզտիկ թէպէտ սակայն այլոց հաւասար՝
Բարձրագլուխ և ինքնիշխան ընթանալ,
Որ հայրենիքը մերին մե՛զ պիտի տար…
Ե՛ս, այդ Վաղուան լոյսին, հովին, անձրևին
Եվ անոնց մէջ բացուելիք նոր վարդերուն
Դեռ կ՚երազեմ և կը ցանկամ հոգևին՝
Որ ազգերու մէջ, ո՜վ իմ Ազգս, ապրիս դուն…
Ի՜նչ քաղցրութիւն, երջանկութիւն վերջապէս,
Երբ Վաղն առտու երկինք լուսնայ մեր վրայ…
Եվ օ՜հ, արդէ՜ն, մինչ խաւարէն կ՚երգեմ ես՝
Քնարիս վրայ, տեսէ՛ք, ճաճանչ մը կ՚իյնայ…։
Թեմաներ