Մութին մէջ
«Հոգեր» ժողովածու
(Ռոնդո)
Մութին մէջ կուզեմ, որ կեանքըս անցնի,
Երազի մը պէս մեղմ ու կարճատև,
Անձայն, անշշուկ, ամենին գաղտնի
Լայն ճամբուն մէջէն քայլով մը թեթև,
Առանց ստուերիս շղթային բռնի։
Չեմ ուզեր տեսնել աստղերը երկնի,
Որոնք կը բացուին հոն՝ ժպիտ իբրև,
Իբրև ժպիտներ մարդոց ծերունի
Մութին մէջ։
Ինչպէս որ ցցուած վիզէ մը ծխանի
Մութը ելլելով կ՚երթայ համրաթև,
Ցնդիլ օդին մէջ ու իրեն յետև
Չի թողուր ո՛չ մէկ հետք յիշատակի,
Այնպէ՜ս թող իմ կեանքն հալի՜, տարտղնի՜
Մութին մէջ։