Մեծ հաշտութիւնը
«Մահուան տաղեր» ժողովածու
Նշուլավառ ունիմ այգերը կեանքիս,
Ուր անզուսպ և փրփրերախ
Պատերազմիկ մ՚է հոգիս՝
Անմիջական մարտին յոյսովը ուրախ։
Սեմին առջև կ՚եռայ այնքա՜ն անհամբեր,
Ծափերու մէջ խլելու
Արիւնաներկ դափնիներ…
Որ կը խորհիմ, թէ հոգւոյս մէջ կը զարթնու
Հոգին անշուշտ իմ հին ռազմիկ մէկ պապուս։
Բայց մարտաշունչ հովն, ահա՛,
Շուրջս տակաւ1 կը նուաղի ու կ՚իյնա՜…
Եվ կը խորհիմ նորէն տրտմած ու անյոյս՝
«Այդ նախահայրս մի՛ գուցէ
Անխզելի մեծ հաշտութիւն մ՚ուխտած է…»։
Ծանոթագրություններ
- 1 Տակաւ — դեռևս, արդէն, կամաց - կամաց