Առաւօտ
«Մահուան տաղեր» ժողովածու
Խոնարհութիւնը գուցէ անձրև մըն է զովարար
Աշխարհակալ ու անթեք հոգիներուն վրայ չոր…
Բայց ես կ՚ուզեմ այս առտու, որ հոգիս սուր մը ըլլար
Այլոց կամքին մէջ մխուող, անզիղջ1, հատու ու հզօր։
Պողպատն իր ուժն անցընէր2 աչքերուս մէջ ու լեզուիս
Եվ ցանկութեանցըս անոնք չ՛հարթէին երբ ճամբան,
Երկու թևերս օճառուտ3 գոհացընել գային զիս՝
Նուաճելով իմ սիրոյս կամ զայրոյթիս առարկան։
Վաղուց ի վեր ձեռքերուս մէջ սովամահ գգուանքներ
Ահա նորէն գաղտնաբար, օձանման կը յառնուն,
Ետ կը դառնան կորսըուած սիրոյ բառերը անտէր
Ու փրփրացայտ բերնիս մէջ կոչերու հետ անանուն
Արիւնաշաղ կը տրորուին… Ու չեմ գիտեր նոյնիսկ թէ
Հոգիս այսօր մա՞հ, թէ սէր սփռել մարդոց մէջ կ՚ուխտէ։
Ծանոթագրություններ
- 1 Անզիղջ — հատու, չզղջացող
- 2 Անցընել — յանգցնել, մարել
- 3 Օճառուտ — ջղուտ՝ թևերի մասին