Մասիսին
«Արարատեան դաշտին մեջ» ժողովածու
Դուն Մասի՛սն ես…։ Եվ կը նայիմ, կը նայի՜մ քեզ,
Անյագ աչքով, մինչ սիրտըս ալ ա՛չք մ՚է կարծես,
Որ ընդլայնած՝ քեզ կը գրկէ ամբողջապէս,
Քեզ կը ծըծէ՝ զերթ ջուրը հո՛ղն արևակէզ…։
Կը տեսնե՞ս զիս, ո՜վ Մեծ Վկան մեր անցեալին,
Եվ կը զգա՞ս, թէ նայուածքիս մէջ որքա՜ն նայուածք
Եվ հոգւոյս մէջ գահակործան քանի՜ աստուածք
Քու անսասան գահիդ առջև կը կողկողին…։
Արշալոյսին մէջ ծիրանի կը յագնիս դուն,
Ջինջ օդին մէջ կը ծփծըփաս, բայց չես ժպտուն,
Քեզ գրաւած է յիշատա՛կն հին դարերուն…։
Եվ տխո՜ւր ես, զի իշխանաց փառապսակ
Հսկայաքայլ տեսար անցնի՛լն ոտքերուդ տակ,
Եվ զի յոյսի հորիզոններն են այժըմ փակ…։