Հայերգութիւն Հայաստանին
«Հայերգութիւն ա շրջան 1901-1908» ժողովածու
Սիրեցինք Քեզ նախ՝ Դրօշակի՜ մը պէս…
Մեզ ըսեր էին, երբ փոքր էինք դեռ,
Թէ լերանց կատարն էիր պանծացեր,
Թէ ծալլեր, նետեր էին հիմայ Քեզ,
Բայց թէ պիտի գար այն օրն, ուր նորէն
Պիտի ծեծուէի՜ր դուն լայն հովերէն
Եվ լուսաւորէ՜ր պիտի ցոլքդ մեզ…
Սիրեցինք Քեզ նախ՝ Դրօշակի մը պէս…։
Իբրև Ուռենի՜ մը Քեզ սիրեցինք…
Հերարձակ գլուխդ կ՚օրրէիր մեղմիւ՝
Նայելով կոտրած ճիւղերուդ անթիւ…
Կ՚անցնէին քովէդ ժանտադէմ անձինք՝
Հաստաբուն կոճղիդ զարնելով կացին…
Օ՜, զՔեզ մեր աչքերը ծով-ծով լացին՝
Երբ այլք ոստերէդ շինեցին սրինգ…
Իբրև ուռենի մը Քեզ սիրեցինք։
Սիրեցինք զՔեզ, վրիժառու Դանա՛կ…
Հողին տակն էիր՝ երբ ձեռք մը անտես
Քեզ մէջտեղ հանեց, շողացուց զքեզ…
Դահիճը զգաց Քեզ կոկորդին տակ
Եվ պահ մը դողաց, բայց պա՛հ մը միայն…
Կոտրեցար, ժանգո՛տ դանակ, նոյն հետայն,
Եվ Քեզ ծաղրելո՜վ թողուցին մինակ…
Սիրեցինք զՔեզ, վրիժառու Դանա՜կ…։
Կը սիրենք Քեզ արդ, գերութեան շղթա՛յ,
Որ ըմբոստացման կը մղես զմեզ…
Մեր միսերուն մէջ, մեր վզին շուրջն ես,
Եվ ամէն շարժում, զոր կընենք հիմայ,
Մեզ կը գալարէ ցաւերով անգութ…
Բայց պիտի սիրենք հետքն ալ վէրքերուդ,
Այն օրն, ուր ըլլաս դուն կապ մը ծաղկեայ…
Կը սիրենք Քեզ արդ, գերութեան շղթա՛յ…։