Գողթան երգիչներ
«Հայերգութիւն ա շրջան 1901-1908» ժողովածու
Տաւիղն առկախ իրենց ուսէն՝ կ՚երթային
Գիւղէ ի գիւղ, զուարթ, անհոգ, աներկիւղ.
Ճպուռներէն մեղեդիներ դաշտային
Կը սորուէին ու գիշերը՝ նորընձիւղ
Խոտերուն մէջ կ՚երգէին գովքն Աստղիկին.
Առտուն նորէն ճամբայ ինկած, արևով
Արդէն գինով, գիւղի մը մօտ, երբ այգին
Կը տեսնէին՝ կը մտնէին անոր զով
Ցանցերուն մէջ, և մեղրազօծ ողկոյզներ
Կը քաղուէին անոնց շրթանց վրայ թովիչ.
Որթատունկն ալ իր ոստերով կը պճնէր
Անոնց գլուխն, որ կը յակէր քիչ առ քիչ։
Ասպնջական1 դուռ մը հեռուն կը բացուէր
Դէմը անոնց։ Կանանց, տղոց՝ ցնծութիւն…
Իր անկիւնէն կ՚օրհնէր նանին ալեհեր
Եվ կը խայտար, կը վժար տունը համբուն2:
Սեղանն առատ, ինչպէս գինին ալ աշխոյժ
Կը գրգռէին երգիչներուն խանդն անմեռ,
Կը հեծեծէր տաւիղն՝ իբրև սիրտ մ՚անբոյժ
Եվ երգերէն միշտ սփոփանք կը հոսէր…
Գողթան երգիչն աւանդապահն է ցեղին.
Վահագնի ծնունդ, Արտաշէսի հարսանիք
Դարէ ի դար անոր երգին մէջ կ՚ապրին…
Մատա՜ղ ձեզի, երգիչնե՛ր, դո՛ւք ալ ապրիք…
***
Լքուած ու լուռ ճամբաներէ՛ն, ո՛չ տաւիղ Եվ ո՛չ քնար ուսէն առկախ, այլ շեփոր Մը բռնած վեր, Գողթան Երգչաց շառաւիղ Մ՚ահա թերևս, հնչեցնելով մարտագոռ Եղանակ մ՚որ կը սարսէ ժայռը լերանց՝ Երազաքայլ կ՚անցնի երգիչ մը հիմայ… Ու մինչ շատեր մացառներու մէջ պահուած Կը կապեն լոկ իրենց վէրքերն արիւնլուայ՝ Արի տղան շարունակուող հին կռուին Նոր հոգիներ, նոր մարտիկներ կը կանչէ, Ու պիտի տա՜յ՝ մինչև իր շունչը վերջին, Որպէսզի ձայնն ամէն անկիւն թափանցէ…Ծանոթագրություններ
- 1 Ասպնջական — հիւրընկալ
- 2 Համբուն — միասին, ամբողջութեամբ