Ժամադրութիւնը
«Հոգեր» ժողովածու
Դողացող լոյսին տակ լապտերներուն,
Սառած մայթին վրայ, կքալէ խոհուն։
Աչքը կը վառի երբ որ հեռուէն,
Կը տեսնի մէկն, որ կուգայ դէպ իրեն։
Կ՚անցնի՜ այն մարդն ալ. գլուխը կ՚իյնայ
Աւելի տխուր, իր կուրծքին վրայ։
…Ուսին վրայէն մէկուն կը նայի,
Կը ժպտի անոր ժպիտ մը հիւանդի։
Թևը կ՚երկնցնէ մէջքի մը անտես,
Շրթներ կը նետեն համբոյր հրակէզ։
Կը դիտէ հեռուն, պահ մը կը խոկայ
Ու կը մրմնջայ՝ «գիտեմ, չպիտի գայ»։
Դողացող լոյսին տակ լապտերներուն,
Սառած մայթին վրայ, կը քալէ խոհուն։
Թեմաներ