Զաւակս
«Կէս գիշերէն մինչեւ արշալոյս» ժողովածու
Զաւկի մը շնորհն անգամ, ո՛վ Տէր, զլացար
Ինծի ընդմիշտ, և այդ մասունքը սիրոյս
Արգիլեցիր փականքներու տակ անյոյս,
Եվ զիս իմ մէջս սպանեցի՜ր չարաչար…։
Երբ ես ծռիմ՝ ան բարձրանա՜ր քովս ի վեր,
Իմ սպառած կեանքիս հիւթովն առլըցուկ.
Ե՛ս հովանի անոր և ա՜ն՝ ինձ նեցուկ,
Ու նո՜ր արև՝ աչքին մէջ աչքը՜ս գոցուէ՜ր…։
Մինչդեռ հիմայ դուռնէ ի դուռ, մինչև վերջ,
Քիչ մը գորով պաղատելով՝ պիտի գամ
Օտար տղոց քով թափառկիլ հարաժամ…
Օտար տղոց աչուըներուն, հոգւոյն մէջ
Դողդողագին պիտի տղա՜ս որոնեմ,
Եվ անծանօթ՝ պիտի մեռնի՜մ անոնց դէմ…։
Թեմաներ