Մութ ժամեր
«Դ. շրջան. 1921 եւ յետոյ» ժողովածու
Ա
Ուրեմն իզուր էր, որ Քեզ մեր մանկութեան առաջին
Արևներէն սկսեալ մեր սրտին վրայ սեղմեցինք,
Քեզ սնուցինք յորդառատ ուժեղ կաթովն անուրջին
Եվ քեզ համար դժոխքին հետ կռեցինք մենք դաշինք։
Դժո՛խք մեր կեանքը ըրինք, որ դուն դրախտ մը ըլլաս,
Ո՛վ Հայրենիք, անդունդին և երկինքին մէջ առկախ
Ցնորական օրօրո՜ց, փառաբանեալ պատուհա՛ս,
Հո՛ւր՝ տաքցընող մեր հոգին, տուն՝ յաւիտեան բոցածախ1:
Քանի՜ անգամ երկինքէն անդունդ իջաւ ծիածան
Ու անդունդէն վեր երկինք երկնցաւ սիւն մը հսկայ
Ու մենք անդուլ, անվհատ մագլցեցանք անոնց վրայ։
Քանի՜ անգամ… և սակայն անոնք փլան ու ինկան,
Ու մենք անոնց փաթթըուած՝ բարձունքներէն ինկանք վար
Ու այս մարզանքը ահեղ ըզմեզ թողուց ոգեվար…։
Բ
Ո՛վ Հայրենիք, կ՚երազէի ես երկա՜ր
Քեզ յիշելով, յուսալով…
Հիմայ նորէն քեզմով իմ սիրտս է խռով,
Բայց երազել չեմ կրնար։
Կը փայլէիր, կ՚աղուորնայիր, օ՜հ, ո՜րքան,
Արևին մէջ երազիս…
Հիմայ մօտս ես ու ինձի դուն կ՚երևիս
Լոյս ու շուքովդ իրական։
Բայց ի՞նչ ցաւ է, գիտե՞ս, թէ ինչ խորունկ ցաւ
Քեզի նայած միշտ ըլլալ
Իբր անթառամ աստուածատունկ ծառ օրհնեալ,
Եվ յանկարծ օր մը գիտակցիլ, թէ բնաւ
Պիտի այլևս չկրնաս
Բանալ թրթռուն կանաչ խորհո՜ւրդդ իմ վրաս…։
Գ
Ծնած օրէս մինչև այժմ իմ Հայրենիքըս ինձ հետ
Տարի ամէն տեղ, ամէ՜ն, աստղ մը ինչպէս կը տանի՝
Զահանդական2, անվախճան իր պտոյտին մէջ երկնի՝
Արևային դրութիւնն, որուն ինք մասն է յաւէտ։
Նորէն ու միշտ զիս կապուած կը զգամ անոր, բայց այնպէս,
Ինչպէս կոտրած ու բունէն վար կախուած ճիւղն իր ծառին…
Երբեմն յոյսի թռչուններ հոն դեռ կուգան կը թառին՝
Սակայն վերջէն աւելի՜ կը չորնայ ճիւղը կարծես։
Իմ Հայրենիքս, ա՛հ, ինչպէ՜ս դաւեց ինձի, խաբեց զիս…
Կը պահանջեմ մերթ իրմէ հաշիւն անհուն իմ սիրոյս,
Իմ կորովիս վատնըուած, իմ խորտակուած երազիս,
Ու մերթ՝ ձեռքերս երեսիս՝ կուլամ լացով մը անյոյս,
Պաղատելով որ ապրի՜, հոգ չէ, թէ զիս մեռցուց ան,
Եվ իր անուշ մանուկնե՜րը երջանիկ լոկ ըլլան…։
Դ
Փետրուարի օր մ՚է արև-արեգակ.
Յետմիջօրէն կարծես գարնա՛ն է արդէն.
Ծովը կապոյտ՝ կանգնած կապոյտ երկնից տակ.
Զեփիւռներ դուրս թռած լեռան ծերպերէն։
Կը խտղըտայ գիւղի ճամբան՝ դեռ լեցուն
Եզերքներուն վրայ անկոխ ձիւներով…
Մրգածառեր կը կենան մերկ, սարսռուն՝
Սպասումովն հին հրաշքին ապահով։
Ու անդրադարձ՝ կ՚ըսեմ. շունչերն այս տաքուկ
Ծառե՛ր, չըլլայ որ ձեզ մատնեն շուարման
Եվ կանխահաս ձեզի ծաղիկ բանալ տան։
Դեռ չէ՜ գարուն. դեռ կան պահուած ցուրտ ու բուք…
Չորցան յոյսի մեր բողբոջներն անհամբեր.
Մենք խաբուեցանք, դուք չխաբուի՜ք, ո՛վ ծառեր…։
Ե
Նորէն դուն ես, ո՜վ Պոլիս, երկար, երկա՜ր քղանցքներ՝
Կնոջ մը շատ ցանկալի, ընկողմանած յուլաբար3…
Եվ դուռիդ դէմ նորէն ե՛ս, զոր ներս անգամ չես առնէր,
Զոր կը պատժես՝ գուցէ շա՜տ քեզ սիրելուն իսկ համար։
Ու կը նայիմ ես ծովէն՝ երազամոյն4 աչքերով,
Բլուրներուդ կորութեան և ձորերուդ, որ հիմայ
Նորէն լեցուն են, գիտեմ, մեծ օձերով՝ որոնց քով
Անհոգօրէն դուն հովին բացեր ես կուրծքըդ ահա։
Դո՛ւն՝ այնքա՜ն քաղցր ու այնքա՜ն փափուկ հողեր, ծով, երկինք,
Ի՞նչպէս կրնաս հանդուրժել իր հպումին, ո՛վ Պոլիս,
Եվ դահիճին հետ կրնաս կապել սիրոյ նոր դաշինք։
Ա՛հ, չե՜ս յիշեր, թէ ի՜նչպէս վրադ դողաց իմ հոգիս,
Թէ գգուեցիր դուն ալ զիս… և, տարփավառ5 դուն մորու6,
Հիմայ միայն զբաղած ես քու գօտիդ քակելու,
Կապոյտ գօտի՜դ Վոսփորի, ծոցիդ տակ՝ դէ՜զ վարդերու…։
Զ
Ծով ու երկինք՝ կատաղած, ու ես՝ վրան այդ ծովուն…
Ծովը կ՚ուզէ ոռնաձայն նետուիլ երկինքը մինչև.
Կ՚ուզէ երկինքն ալ խուժել ծովուն վրայ՝ ցած ու սև
Իր ամպերով յորդազեղ ու շանթերով շառաչուն։
Ու կը համրեմ կայծակներն՝ ինկող շուտ-շուտ ու շատ մօտ…
Անոնք անվերջ՝ հրափայլ դժոխքի դուռ մը կարծես
Մութին վրայ կը բանան և կը գոցեն ուժգնապէս,
Այս կեղծ գիշերը կ՚ընեն մերթ ընդ մերթ կեղծ առաւօտ։
Եվ կը դիտեմ՝ առանձինն կամրջակին վրայ կեցած,
Սարսըռալով, բայց լեցուն ուրախութեամբ ահաւոր,
Գոհ՝ երկնքի ցասումէն և սրտակիցը անոր։
Շա՛խ…։ Ճարճատում ալ շանթի։ Ու կը տենչամ իբր Աստուած
Հրամայել, որ իյնայ ան աշխարհի վրայ ամբողջ,
Այրէ՜ բոլոր երկիրներն ու չթողուլ ազգ մը ողջ…։
Է
Անդունդի մէջ ինկած Ա՛զգ,
Ելար եզերքն անդունդին,
Ուր փուշ, եղինջ ու տատասկ
Բազուկներուդ կը կառչին
Ու կ՚արիւնի՜ս վերստին…։
Անդունդին մէջ հեղձամահ,
Բայց օդին նոր հասած դուն,
Ահա հեղեղն ու ահա՛
Խուժումն ամէն հովերուն
Կայծիդ վրայ մարմըրուն։
Ո՛վ դժբախտ Ազգ, կարծեցի՜ր,
Թէ կը սպասեն յառնումիդ.
Թէ հոգիներ կարեկիր
Պիտի լուան շիթ առ շիթ
Սիրով, գութով քու հոգիդ։
Մինչ կը թողուն քեզ մինակ,
Մինակ՝ եզերքն անդունդին,
Տարրերուն դէմ բովանդակ,
Ոսոխներուդ դիմաց հին
Նորէն կռուի՜լ ողբագին։
Ու փուշերէն աւելի,
Ու խորշակէն ու ամէն
Գազաններէն ահռելի,
Կը տառապիս այս ցաւէն՝
Թէ պէտք չէի՜ր աշխարհի…։
Ը
Մարդի՛կ, ձեզի կը խորհիմ, ձմեռը ձեր երդիքին,
Ամառը ձեր երկինքին տակ աշխատող, երազող.
Ձեր աշխարհին հողէն հող, ձեր աշխարհին նման հին՝
Կը բուսնէիք հոն թաղուած արմատներէն դարասքող։
Տարածութեան վրայ անոր ամենուրե՜ք էիք դուք՝
Ոսկորներովը ձեր հարց7 և ձեր ճակտին քրտինքով
Անոր կապուած ու փակած…։ Ձեր հիւղերուն մէջ անշուք
Կը պղպըջար յուշերու կաթսան յոյսի սանին քով։
Մարդի՛կ, ձեզի կը խորհիմ…։ Ձեզմէ հեռու, շատ հեռու՝
Կապուած էի ես ալ ձեզ, ձեզմով գետնի մը կարմիր…
Արմատախիլ հիմայ դուք՝ կզգամ հիւթէն դարերու
Իմ պարպըուիլս ալ հիմայ ու չե՜մ այլևս նորոգուիր…։
Թ
Այս ընդարձակ հողին վրայ
Կային տեղեր, որ մերն էին,
Թէև չէի՜ն. երազային՝
Ոմանց համար ու ապագայ,
Այլոց՝ անցեալ կախարդական,
Որ օր մ՚ըլլար պիտի դարձեալ
Եվ շատերուն, որ հոն ծնան՝
Ներկա՛յ, օրհնեա՜լ ու անիծեա՜լ։
Ոմանք մարմնով, ոմանք մտքով
Կը շնչէին, կ՚ապրէին հոն,
Նախկին ու նոր՝ իրարու քով,
Իրարու հետ՝ ծաղիկ, կոկոն.
Բուն՝ ոստերով, ոստ ու տերև՝
Մերթ իրարու կարծես անկապ,
Բայց իրարու ներքև, վերև՝
Իսկոյն, երբ հով մը կուտար թափ։
Կային տեղեր, այս հողին վրայ,
Որ մերն էին, թէև չէին.
Անցեա՛լ, ներկա՛յ ու ապագա՛յ՝
Որոնց փակած էր մեր հոգին
Արմատներովն իր անհամար
Եվ որոնցմէ կ՚անցնէին մեզ,
Ներխուժումով մը համր, յամառ,
Հիւթեր, յոյզեր, ուժեր անտես…։
Ո՛վ Տէր, ինչպէ՞ս հիմայ յանկարծ,
Աւելի խոր հոն մեխուելէ,
Հոն զգալէ ետք մեզ անդարձ՝
Կը խլուինք, դուրս կ՚իյնանք հոնկէ,
Մեր արմատներն յանձնած օդին
Ու ծաղիկները մեր բոլոր
Հիմայ խամրած, ինկած գետին…
Շատ չէ՞, ո՛վ Տէր, տանջանքն այս խոր՝
Մեր խե՜ղճ ազգին, իր խե՜ղճ սրտին…։
Ծանոթագրություններ
- 1 Բոցածախ — հրոյ ճարակ
- 2 Զահանդական — թափառող, մշտաշարժ
- 3 Յուլաբար — ծուլօրէն, մեղկօրէն, դանդաղօրէն
- 4 Երազամոյն — երազի մէջ սուզուած
- 5 Տարփավառ — տենչավառ, սիրավառ
- 6 Մորու (մօրու) — խորթ մայր
- 7 Հարց — հայրերի