Յաւերժական ցաւին տակ...
«Դ. շրջան. 1921 եւ յետոյ» ժողովածու
Յաւերժական ցաւին տակ զգացա՞ծ էք դուք երբեք
Ամբողջ, ամբողջ աշխարհէն զձեզ յանկարծ կտրուած,
Երբ քիչ առաջ ան ձեզի դեռ կը ժպտէր գրկաբաց։
Յուշն, ինչպէս ծայր նիզակի, ձեր մտքին մէջ յոգնաբեկ
Ընդհատ-ընդհատ մխրճած ու արիւնա՞ծ է զանի,
Եվ փափագա՞ծ էք մեռնիլ անկիւն մը լուռ ու գաղտնի։
Գաղտնի ու լուռ, որպէսզի մարդիկ ո՛չ իսկ ետ մահու
Չմտածեն ձեր վրայ ու չկրնան խոցել ձեզ.
Չյիշելով մահը ձեր՝ մոռնան ձեր կեանքը թերևս։
Եթէ յոյսի ճիւղն յանկարծ եղաւ օձ մը ահարկու,
Եթէ բաժակն հեշտութեան՝ ձեր բերնին շատ մօտեցած՝
Փսորեցաւ1 ու այրեց զայն արջասպի պէս յանկարծ,
Եթէ արևը դարձաւ ձեզ համար լոյս դժոխքի,
Եթէ ձեզ ալ երկինքէն նետեց անդունդը Աստուած,
Այս խաւարչուտ տողերէն գուցէ ձեզ շող մը ծագի։
Ծանոթագրություններ
- 1 Փսոր, փսորել — փշուր, ջարդուել, փշրուել
Թեմաներ