Անցնել բովանդակությանը

Որբերուն ձեռքերը

«Դ. շրջան. 1921 եւ յետոյ» ժողովածու

Կ՚ելլէ ճաճանչ մը կարծես այս անհամար ձեռքերէն, Ձեռքեր՝ մեծցած մինակնին. ոչ շատ. դեռ թոյլ, դեռ անմեղ Դեռ ոչ ոքի չխառնած կամ չխըզած վատօրէն Բախտին թելերը՝ ձեռքեր. սիրակարօտ, սիրազե՜ղ։ Ձեռքեր՝ հազիւ թէ յիշող ջերմութիւնն հօր մը ափին, Որ զոյգն իրենց կը պատէր՝ երբ որ թաթիկ էին դեռ… Տախտակներու վրայ չոր, ձեղուններու1 տակ ցրտին Հիմայ սառող քովէ քով՝ հայ որբերու ո՛րբ ձեռքեր։ Անոնք երբեմըն յանկարծ կը խըլըրտին գաղտնապէս, Անոնք բռունցք կ՚ըլլան մերթ, կը զարնըուին իրարու, Կ՚ըլլան դրօշակ, կը բացուին յաղթանակին վազելու։ Կը խլեն գիրքը անոնք, կատաղօրէն, հացի պէս. Մարդոց ոճիրը զանոնք զերթ մեյ-մէկ սուր է դարբնած. Ա՛հ, զօրացո՛ւր, կարծրացո՛ւր, մեծցո՛ւր զանոնք, կա՛րծր աստուած։

Ծանոթագրություններ

  1. 1 Ձեղուն — առաստաղ

Ստեղծագործության մասին

Ժանր Սոնետ
Գրության թվական
Ժողովածու Դ. շրջան. 1921 եւ յետոյ
Տողերի թիվ 14