Անցնել բովանդակությանը

Գեղոն հատ որբին

«Դ. շրջան. 1921 եւ յետոյ» ժողովածու

Մորըդ գիրկէն դեռ նոր իջած, Դեռ նոր քալել կը սորվէիր, Երբ որ աշխարհ, երբ որ Աստուած Քու աչքերուդ հետաքրքիր Եվ նորազարդ մտքիդ դիմաց Հանեցին ծո՜վ, որուն վըրայ, Կոտրած, կարմիր, մէկ քով ծռած, Տեսար օրրոցդ, որ կը լողայ։ Մայրդ էր անոր ուժգին կառչեր Եվ անոր հետ կ՚երթա՜ր հեռու… Մամըդ դէմքին ժպիտ ունէր, Սառած ժպիտն յիմարներու։ Քոյրերդ ամբողջ՝ փետըրտըուած Վարդեր էին ջուրին վրայ… Եվ հորդ աչքերն էին դեռ բաց, Բայց քեզ չէ՜ին տեսներ հիմայ։ Դուն հոն էիր ու չէի՜ր հոն. Քեզ իրարու յաջորդաբար Կ՚անցնէին սուսերահոն Սև ճիւաղներ… Կ՚առաջանար Միտքըդ ամպի մը ընդմէջէն՝ Կտըրտըուած փայլակներով, Եվ կը հալէր միւռօնդ արդէն՝ Փոթորկին մէջ արիւնահով։ Տարիներ վերջ քեզ ժողուեցին Ծիրանաշող այգի մը մէջ… Ժանգովըդ նոր, փայլովըդ հին, Խորաններուն համար անշէջ Զերթ կորսըուած կտոր ոսկին՝ Քեզ ժողուեցին անկիւններէ… Մտքէդ հողեր կը թափէին Ու կ՚աճէի՜ր ամէն րոպէ։ Մարդիկ, սակայն, այսօր ինչո՞ւ Կը նային քեզ ու չեն յիշեր, Թէ նման չես ուրիշներու, Թէ աչքերդ են հոգետուններ՝ Լեցուն անուշ դիակներով, Որ կը շարժին՝ երբ կը տեսնես Տղայք իրենց հայրերուն քով Ու մօր գիրկե՜ր՝ հրաշքի պէս։ Մարդիկ այսօր կը նային քեզ Ու կը սպասեն, որ շուտ մեծնաս. Դէմքդ ու հոգիդ դժոխակէզ՝ Մարդիկ մոռնա՜լ կ՚ուզեն, տղա՛ս… Մարդիկ, այո՛… բայց անոնց դուն Ներէ՛ ու միշտ գիտցի՛ր հիմայ, Թէ մենակ չես, թէ օրնիբուն Կ՚աւելնայ մէջդ ու կը յուսայ Քեզ փաթթըուած կարօտագին՝ Ծնողներուդ միսն ու հոգին… — Դուն միայն լա՜ւ մեծցի՛ր, տղա՛յ…։

Ստեղծագործության մասին

Ժանր Բանաստեղծություն
Գրության թվական
Ժողովածու Դ. շրջան. 1921 եւ յետոյ
Տողերի թիվ 51